image

Իրանեան հարուածներ ԱՄԷ-ին.Տուպայ կը հերքէ

Իրանեան հարուածներ ԱՄԷ-ին.Տուպայ կը հերքէ

Իրանի բանակը յայտարարած է, որ Օգոստոս 31-ի առաւօտեան տասնեակ անօդաչու թռչող սարքերով թիրախաւորած է Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու «ալ-Մինհատ» օդային խարիսխին մէջ գտնուող ամերիկեան ռազմական դիրքերը՝ ի պատասխան Իրանի Լարաք կղզիին վրայ ԱՄՆ-ի յարձակման։ Այս մասին կը հաղորդէ Mehr գործակալութիւնը։

Բանակը յայտարարած է, որ յարձակումներու թիրախը եղած են այն տարածքները, ուր տեղակայուած են ամերիկեան ուղղաթիռներն ու ուժերը։ Թեհրան ռազմակայանը նկարագրած է որպէս օտարերկրեայ ուժերու համար կարեւոր լոճիսթիքական եւ օդային փոխադրումներու հանգոյց։

Բանակի հասարակայնութեան հետ կապերու գրասենեակը յայտարարած է, որ իրանական ուժերը պիտի շարունակեն ամուր դիրքերու վրայ մնալ՝ ապահովելու երկարատեւ անվտանգութիւնը եւ պաշտպանելու երկրի տարածքը մինչեւ տարածաշրջանէն թշնամիի սպառնալիքի վերացումը։

 

«Բանակը վրէժ պիտի լուծէ ամերիկեան ահաբեկչական ուժերու կողմէ սկսած պարտադրուած պատերազմի բոլոր նահատակներու արիւնին համար», նշուած է յայտարարութեան մէջ։

ԱՄԷ-ի պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտնած է, որ երկրի ռազմաօդային ուժերը արձագանգած են Իրանի տարածքէն իրենց տարածքային ջուրերուն վրայէն թռչող անօդաչու սարքին։

«Զինուած ուժերը կը մնան բարձր պատրաստութեան վիճակի մէջ՝ դիմակայելու որեւէ հնարաւոր սպառնալիքի, մինչդեռ հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերը կը շարունակեն շուրջօրեայ հսկել եւ պաշտպանել երկրի օդային տարածքը», ըսուած է նախարարութեան յայտարարութեան մէջ։

Աւելի ուշ Պաշտպանութեան նախարարութիւնը հերքած է «ալ-Մինհատ» օդային խարիսխին վրայ յարձակման մասին շրջանառուող տեղեկութիւնները՝ նշելով, որ հաղորդումները կեղծ են։

Օգոստոս 30-ի ուշ երեկոյեան ԱՄՆ Կեդրոնական հրամանատարութիւնը յայտնած էր, որ ԻՅՊԿ-ն պատրաստուած էր ծովային ականներով հրթիռներ արձակելու Հորմուզի նեղուցի ուղղութեամբ, եւ ամերիկեան ուժերը «սահմանափակ եւ ճշգրիտ գործողութիւն» իրականացուցած էին Հորմուզի նեղուցին մէջ ականներ տեղադրող ուժերու դէմ՝ թիրախաւորելով հրթիռներու արձակման կայանքները։

Իրանական կողմը յայտնած է, որ Լարաք կղզիին վրայ պայթումներ տեղի ունեցած են։ Կան զոհեր եւ վիրաւորներ։ Թեհրանն ալ պատասխան հարուածներ հասցուցած է Յորդանանի մէջ ամերիկեան երկու ռազմակայաններու ուղղութեամբ։