image

Թուրքիան կրճատած է ռուսական նաւթի գնումները

Թուրքիան կրճատած է ռուսական նաւթի գնումները

Թուրքիան յուլիսին կրճատած է ռուսական նաւահանգիստներէն մատակարարուող նաւթի գնումները եւ մտադիր է օգոստոսին աւելի կրճատել ծաւալները։

Այդ քայլը յաջորդած է ուքրանական անօդաչու թռչող սարքերու յարձակումներուն, որոնք խաթարած էին Սեւ ծովու մէջ գտնուող ռուսական թերմինալներէն արտահանումը։ Այդ մասին կը տեղեկացնէ Deutsche Welle-ն։

Ուքրանիան յուլիսին աշխուժացուցած է իր յարձակումները, որ յանգեցուցած է Կասպեան խողովակաշարային ընկերութիւններու միութեան թերմինալէն արտահանման մէկշաբաթեայ դադարեցման եւ Նովոռոսիեսկի նաւահանգիստին մէջ բեռնման գործողութիւններու, որու արդիւնքով՝ մատակարարուող նաւթի ծաւալը յուլիսին նուազած է մէկ հինգերորդով։

Թուրքիան CPC Blend, ղազախական KEBCO եւ Urals տեսակի նաւթի խոշոր գնորդ է. յուլիսին ռուսական նաւահանգիստներէն ստացած է ընդամէնը մօտ 900 հազար թոն նաւթ, մինչդեռ յունիսին այդ ցուցանիշը կազմած էր 1,2 միլիոն թոն։

Կը սպասուի, որ օգոստոսին Թուրքիան Ռուսիոյ սեւծովեան նաւահանգիստներէն պիտի ստանայ մօտ 200 հազար թոն նաւթ։ Նախատեսուած է երկու լցանաւով տեղափոխել ղազախական KEBCO տեսակի անմշակ նաւթ։

Այս պահուն CPC Blend կամ Urals տեսակի նաւթի մատակարարումներ դէպի Թուրքիա նախատեսուած չեն։ Թուրքիան կը բազմազանեցնէ մատակարարումները եւ անմշակ նաւթ կը ներմուծէ նաեւ Պրազիլէն ու Կայանայէն։