Թուրքիան կը նախատեսէ աւելի շատ ռուսական ռազմական զէնք գնել` հակառակ ԱՄՆ-ի հակազդեցութեան:
Անգարան արդէն հակաօդային պաշտպանութեան լրացուցիչ հրթիռներ գնելու մասին գործարք կնքած է Մոսկուայի հետ, կը հաղորդէ Voice of America-ն՝ յղում ընելով կառավարութեան մօտ կանգնած աղբիւրին:
2019-ի Յուլիսին Թուրքիոյ կողմէ ռուսական С-400 զենիթային հրթիռներու ձեռքբերումը ԱՄՆ-ն դրդած է Անգարան հանելու իր F-35 անտեսանելի կործանիչներու մշակման ու արտադրութեան ծրագրէն եւ պատժամիջոցներ կիրառել Թուրքիոյ պաշտպանական արդիւնաբերութեան դէմ՝ «Պատժամիջոցներու միջոցով Ամերիկայի հակառակորդներուն հակահարուած տալու մասին» (CAATSA) օրէնքին համապատասխան:
Նախագահ Ճօ Պայտընի վարչակազմը բազմիցս կոչ ըրած է Թուրքիոյ հրաժարելու С-400-ներէն եւ չեղարկելու նոր համակարգեր գնելու ծրագրերը:
Անցեալ ամիս ԱՄՆ պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքընը նախազգուշացուցած էր Թուրքիոյ դէմ նոր պատժամիջոցներու մասին, եթէ ան չհրաժարի ռուսական ՀՕՊ համակարգերէն:
Թուրքիան ըսած է, որ չի փոխեր С-400-ի հետ կապուած իր մտադրութիւնը:
Անգարան Ռուսաստանէն ռազմական նոր գնումներ չի կատարեր մինչեւ յաջորդ ամիս ՆԱԹՕ-ի գագաթնաժողովի շրջածիրէն ներս Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայէպ Էրտողանի հանդիպիլը Ճօ Պայտընի հետ, ըսած են վերլուծաբանները:
«Ուաշինկթընը կը ստիպէ Թուրքիոյ աւելի խորացնել իր ռազմական կապերը Ռուսաստանի հետ»,- ըսած է Թուրքիոյ նախագահի խորհրդական Մեսուտ Քաշինը՝ նշելով, որ ԱՄՆ-ը չի տրամադրեր Թուրքիոյ համար անհրաժեշտ մարտական օդանաւեր: «Մեզի 200 մարտական օդանաւ է պէտք: Եթէ ԱՄՆ-ը չտրամադրէ այդ օդանաւերը, մենք ռուսական մարտական օդանաւեր կը գնենք»,- ըսած է Քաշինը։