image

Թուրքիա.Սուրիացի փախստականներու ճակատագրի դարձեալ լուսարձակի տակ

  Թուրքիա.Սուրիացի  փախստականներու ճակատագրի  դարձեալ լուսարձակի տակ

Օրերս Թուրքիոյ քաղաքական  թատերաբեմին վրայ քննարկման թեմակը  դառնայ   սուրիացի փախստականներու հարցը: Թուրքիոյ Արտաքին գործոց նախկին նախարար՝ Շիւքրի  Ումութ Կորէլ յայտարարած է «Յաղթանակ»  (Zafer Partisi) կուսակցութեան ջանքերուն մասին սուրիական կառավարութեան հետ համագործակցելու կապակցութեամբ, մէկ կողմէն վերադարձնելու սուրիացի փախստականները իրենց երկիրը եւ միւս կողմէն ճիշդ ուղղիի վրայ դնելու նախկին սխալ քաղաքականութիւնները: 

Այս մասին գրած է Սարգիս Գասարճեան «Ալ Նահար ալ  արապի» պարբերականին  մէջ, որուն կարեւոր  հատուածներու  սղագրութիւնը  «Արեւելք» կը ներկայացնէ  ստորեւ։

Գասարճեանի   հեռավար  հարցազրոյց մը տուած  Կորէլ մասնաւորաբար  ըսած է,  թէ  «Մենք սկսանք նախաձեռնութիւններ Թուրքիոյ մէջ գտնուող Սուրիոյ քաղաքացիներուն  կապակցութեամբ, որոնք ժամանակաւոր պաշտպանութեան տակ են: Նախ եւ առաջ  հարցը քննարկած ենք մեր Արտաքին գործոց նախարարութեան հետ: Մեր յաջորդ քայլն է մեկնիլ Դամասկոս «Յաղթանակ» կուսակցութենէն պատուիրակութեամբ մը իմ գլխաւորութեամբ, եւ սկսիլ բանակցութիւններ այս հարցին շուրջ, մենք կ'ուզենք թուականներ որոշուին որպէսզի սկսինք այս գործընթացը»։ Ան նաեւ աւելցուցած է   «Մենք կապուեցանք Սուրիոյ Արտաքին գործոց նախարարութեան Սուրիոյ հարցերով զբաղող տնօրինութեան հետ: Մեր նպատակն է դրական ներդրում ունենալ պաշտօնական բանակցութիւններուն մէջ, որոնք, յոյսով ենք կը սկսին երկու կողմերուն միջեւ մօտ ապագային, զուգահեռներ հաստատելով (սուրիական կողմին հետ)»։

Աղբիւրը անդրադառնալով  «Յաղթանակ» կուսակցութեան, նշած է որ աջ ծայրայեղական նորակազմ այս կուսակցութիւնը, որուն հիմնադիրն է խորհրդարանի նախկին անդամ՝ Ումութ Օզտակ, յայտնի է իր ծայայեղական ու ատելութեան կեցուածքներով փախստականներու թղթածրարին նկատմամբ:  

«Յաղթանակ կուսակցութեան ծրագրով առաջարկուած են  տնտեսական եւ ընկերային  խնդիրներու հիմնական լուծումներ: ժամանակաւոր պաշտպանութեան անուան տակ կամ ապօրինի ձեւով Թուրքիա հասած օտարերկրացիները, որոնց թիւը գերազանցած է ութ միլիոնը, վերածուած են լուրջ ընկերա-տնտեսական խնդրի»,- շարունակած է Կորէլ:

Իսկ ինչ կը վերաբերի, թէ ինչպէս պիտի համոզեն սուրիացի փախստականները, որպէսզի վերադառնան իրենց երկիրը, ուր կենցաղային դժուար պայմաններ կը տիրեն,  Կորէլ ըսած է, թէ կամաւորապէս վերադառնալը անոնց լաւագոյն տարբերակն է. բայց եւ այնպէս իրաւական պահանջները չեն պարտադրեր, որ անոնք անպայման համոզուին վերադառնալով:

 Թուրք  գործիչը նաեւ շեշտած է, թէ իրենց կուսակցութեան ժողովրդականութիւնը աճի մէջ է, նկատի առնելով, որ Թուրքիոյ հասարակութեան մեծամասնութիւնը կողմ է, որ փախստականները վերադառնան իրենց երկիրները եւ ճիշդ ուղիի վրայ դրուի ներկայ կառավարութեան վարած սխալ քաղաքականութիւնը: 

Նաեւ նշուած է,  թէ Կորէլի կարծիքով՝  Թուրքիոյ մէջ գտնուող սուրիացի փախստականներու խնդրի լուծումը կը պահանջէ սուրիական կառավարութեան հետ փոխըմբռնման հասնիլ  հայրենադարձութեան անհրաժեշտ պայմաններ ստեղծելու առումով, ինչ որ «Յաղթանակ» կուսակցութեան նախաձեռնութեան հիմքն է։  

«Սուրիոյ եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորումը,  ապա զարգացումը ոչ միայն օգուտ է երկու ժողովուրդներուն, այլ նաեւ տարածաշրջանի ժողովուրդներուն», եզրափակած է Կորէլ:

 

 «Արեւելք»ի համար արաբերէնէ  թարգմանեց՝  Թամար Գասպարեան