Եմէնի ափերուն մօտ տեղի ունեցած նաւաբեկութեան պատճառով առնուազն 68 փախստական զոհուած է։ ՄԱԿ-ի տուեալներով՝ զոհուած են ափրիկացի փախստականներ, տասնեակ մարդիկ կը համարուին անհետ կորսուած, գրած է Bild թերթը։
Նախնական տուեալներով՝ նաւուն մէջ գտնուած է մօտաւորապէս 150 մարդ։ Նաւը, ամենայան հաւանականութեամբ, կը մեկնէր Ճիպութիէն դէպի Եմէնի Ապեան նահանգ։ Ըստ ամենայնի, ան խորտակուած է վատ եղանակային պայմաններու հետեւանքով։
Ապեան նահանգի առողջապահութեան պաշտօնեան՝ Ապտուլ Քատիր Պաճամիլ, յայտնած է, որ 10 մարդ փրկուած է։ Տեղական իշխանութիւնները տեղեկացուցած են, որ սկսած է լայնածաւալ որոնողա-փրկարարական աշխատանք, եւ մինչ այժմ յայտնաբերուած է 68 դիակ, որոնցմէ 54-ը ափ նետուած էին Խանֆար շրջանին մէջ։
Հակառակ 2014-էն ի վեր շարունակուող քաղաքացիական պատերազմին եւ ծանր մարդասիրական վիճակին, Եմէնը կը շարունակէ մնալ Արաբական թերակղզիէն ներս բազմաթիւ ափրիկացի փախստականներու նպատակակէտը, որոնք կ՚որոնեն աշխատանք ու աւելի լաւ կեանք։ Փախստականները յաճախ յոյս ունին Եմէնէն անցնիլ դէպի Սէուտական Արաբիա կամ շրջանի այլ նաւթային հարուստ երկիրներ, սակայն շատեր կը մնան Եմէնի մէջ։
Ճիպութիի եւ Եմէնի միջեւ գտնուող 27 քիլոմեթր երկարութեամբ (17 մղոն) Պապ ալ-Մանտեպ նեղուցը, ըստ Միջազգային գաղթի կազմակերպութեան, կը նկատուի աշխարհի ամենավտանգաւոր ծովային ճանապարհներէն մէկը։