Թուրքիա- Անցնող ժամերուն Քիլիս շրջանին մէջ տեղի ունեցած ընդհանրումներէն ետք երկրի իշխանութիւնները լայնածաւալ ձերբակալումներու ձեռնարկած են: «Ռօյթըրզ» կը հաղորդէ, որ անցնող ժամերուն 251 կասկածելիներ ձերբակալուած են 13 նահանգներու մէջ: Կը հաղորդուի , որ ձերբակալեալներուն մէջ կան իսլամիստ ծայրայեղականներ եւ քիւրտեր: Ապահովական այս գործողութեան կը մասնակցին Թուրքիոյ բանակի եւ ոստիկանութեան 5000 միաւորներ: