image

Թուրքիա-Իրան-Սուրիա եւ Ռուսիա քառակողմ հանդիպումը յունիսի աւարտի՞ն

Թուրքիա-Իրան-Սուրիա եւ Ռուսիա քառակողմ հանդիպումը  յունիսի աւարտի՞ն

Թուրքիոյ, Ռուսիոյ, Սուրիոյ եւ Իրանի պատուիրակութիւններու հանդիպումը համապարփակ բանակցութիւններու համար հնարաւոր է յունիսի վերջը, տեղեկացուցած է Hürriyet-ը՝ յղում կատարելով դիւանագիտական աղբիւրին։

«Արտաքին գործոց նախարարներու վճռական հանդիպումէն ետք Թուրքիոյ եւ Սուրիոյ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին մէջ յաջորդ շփումը կը նախատեսուի փոխնախարարներու միջեւ։ Որպէս համապարփակ բանակցութիւններու ժամկէտ նշուած է յունիսի վերջը»,- գրած է պարբերականը։

Պարբերականի ունեցած տեղեկութեան համաձայն՝ Արտաքին գործոց նախարարութեան ղեկավարներու քառեակի հանդիպումը Մոսկուայի մէջ աւելի չափաւոր էր, քան տեխնիկական պատուիրակութիւններու նախորդ հանդիպումները։

«Թուրքիոյ առաջնահերթութիւններու շարքին առաւել նկատելի թեման պայքարն է ահաբեկչութեան դէմ։ Այդ հարցի մասին տեղեկացուած է Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար Ֆէյսալ Մըքտատին բոլոր երեսակներով։ Առաջարկուած է «նախաձեռնել համատեղ քայլեր ահաբեկչութեան դէմ պայքարին մէջ»։ Յայտարարուած է, որ Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան՝ YPG-ի (արգիլուած է Թուրքիոյ մէջ) ներկայութիւնը Թէլ Ռըֆաաթի եւ Մանպիճի մէջ՝ Եփրատէն արեւմուտք, կրնայ մաքրուիլ համատեղ գործողութիւններու ընթացքին, եւ որ այդ շրջանները կրնան վերադարձուիլ Սուրիոյ վերահսկողութեան տակ։ Սուրիական կողմը եւս հասկնալ տուած է, որ կրնայ համատեղ գործել ահաբեկչութեան դէմ պայքարին մէջ»,- նշած է թերթը։

Թերթի աղբիւրները տեղեկացուցած են, որ Թուրքիան բանակցութիւններ կը վարէ նաեւ սուրիական ընդդիմութեան հետ՝ քաղաքական գործընթացին մէջ փոխզիջման հասնելու համար։

«Ինչ կը վերաբերի փախստականներու վերադարձին, ապա հիմնական սկզբունքը «կամաւոր, անվտանգ եւ արժանապատիւ վերադարձն է։ Այդ նպատակով օրակարգին մէջ դրուած է այդ գործընթացին մէջ Ռուսիոյ, Իրանի եւ Թուրքիոյ ներգրաւման հարցը՝ որպէս երաշխաւորներ»,- տեղեկացուցած է թերթը։