Լուսանկարին մէջ Այնթապի բնակչուհի Լիւթֆիէ Պիլէմճեանն է՝ 17 տարեկան: Ան իր ծնողներուն եւ երկու եղբայրներուն հետ բռնագաղթած էր Տէր Զօր: Լիւթֆիէի մայրը զոհուած է երեխաները պաշտպանելու ընթացքին: Անոր հայրը եւ կրտսեր եղբայրը նոյնպէս սպաննուած են, իսկ աւագ եղբայրը անհետացած է: Լիւթֆիէն դարձած է չեչենի սեփականութիւն: Վերջինս ալ անոր վաճառած է քիւրտի մը, որ իր հերթին աղջկան յանձնած է Մահմուտ փաշային՝ մեծահարուստ թուրքի մը, որու տան մէջ Լիւթֆիէն մնացած է 11 տարի:
Հայոց ցեղասպանութեան ընթացքին բազմաթիւ հայ կանայք ենթարկուեցան անմարդկային սեռական բռնութիւններու, վաճառուեցան ստրկութեան: Թուրքերը, քիւրտերն ու արաբները բռնագաղթի ճանապարհին հայ գաղթականներու գիշերակացի ժամանակ յաճախ կ'առեւանգէին գեղեցիկ կիները ու աղջիկները: Հարկադրուած իսլամ ընդունած կանանց կու տային նոր՝ թրքական անուններ: Երբեմն, համաձայն տեղի ցեղային աւանդոյթներու, այդ կանանց դէմքին ու մարմնին դաջուածքներ կը կատարէին: Միջին Արեւելքի եւ իսլամական երկիրներուն մէջ դաջուածքները լայնօրէն կ'օգտագործուէին որպէս թալիսման եւ չարխափան. անոնք յաճախ կէտերու կամ խաչերու տեսք ունէին, ցոյց կու տային կանանց ազգային-կրօնական պատկանելութիւնը եւ կը նշէին անոնց կեանքին մէջ կատարուած փոփոխութիւնը:
Ազգերու լիկայի պատուիրակ, ազգութեամբ դանիացի միսիոներուհի Քարէն Եփփէն, համագործակցելով արաբական աշիրէթներու առաջնորդներուն հետ, մինչեւ 1928 թուականը կարողացած է իսլամական գերութենէն ազատել շուրջ 2000 հայ կիներ եւ երեխաներ:
Անոր ջանքերով 1926 թուականի 18 մայիսին փրկուած է նաեւ Լիւթֆիէն:
«Նոյեմբեր 27, 1916 թ. Ստրկավաճառ շուկաները... Ճանապարհի երկայնքով, ուրկէ կ'անցնին բռնագաղթեալները, կանանց համար ստեղծուած են ստրկավաճառ շուկաներ, ուր 12-էն 14 տարեկան դեռատի հայուհիի գինը կը տատանուի մօտաւորապէս 8-էն 23 ֆրանքի սահմանին: Տողերուս հեղինակը այս շուկաներէն մէկը տեսած է Դամասկոսի մէջ:
... Իսլամական աշխարհի այսպէս կոչուած «մտաւորականները»` խոճաները, ուլեմները, քատիներն ու մուֆթիները, կրցած են արագ օգտուիլ այդ հնարաւորութենէն»:
Լոնտոնի մէջ Ֆրանսայի ռազմական կցորդ գնդապետ տը Լա Փանուսը՝ ֆրանսական բանակի գլխաւոր հրամանատար զօրավար Ժոֆրիին
Լուսանկարի աղբիւրը` Ազգերու լիկայի արխիւ, Ժընեւ