image

Թուրք Պաշտօնեաները Տեղեակ Չեն Անթիլիասի Դատէն. Արամ Սրբազան

Թուրք Պաշտօնեաները  Տեղեակ Չեն Անթիլիասի Դատէն. Արամ Սրբազան

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ  Կաթողիկոսութեան   Սիսի Պատմական  կաթողիկոսութեան հողատարածքին վերատիրանալու դատին մասին տեղեակ չեն Թուրք պաշտօնեաները:  Այս մասին  կը գրէ  Պոլսոյ  «Ժամանակ» օրաթերթի  խմբագիր  Արա  Գօչունեան:  Կը նշուի նաեւ, որ  Պոլսոյ Պատրիարքական ընդհանուր  փոխանորդ  Տ. Արամ Արք. Աթէշեան    այս եւ այլ թեմաներու մասին խօսած է    Պատրիարքութեան  յարկին տակ    Սուրբ Ծննդեան      տօնին առթիւ տեղի ունեցած  ընդունելութեան  մը   ընթացքին:   Սրբազանը  ընդգծած է, որ ինք   այդ խնդրի մասին խօսած է  Թուրքիոյ Վաքըֆներու  տնօրէնին  հետ (Ատնան Էրթիմ),  եւ վերջինս Սրբազանին  փոխանցած  է, թէ  իրենք այդ մասին տեղեկութիւններ չունին:  Խօսելով դատական գործընթացին  մասին՝  Արամ Սրբազան   յայտնած է, թէ նման դատ մը  իր կարծքիով պէտք է նախ ներկայացուի   առաջին աստիճանի դատարաններուն մօտ, մինչ Անթիլիասի Կաթողիկոսութիւնը դատը  բացած է Թուրքիոյ  սահմանադրական  դատարանին  մօտ: Արամ Սրբազան, նաեւ  ըսած է, թէ ինք   վստահ չէ այդ  դատի յաջողութիւնէն  ու եթէ   դատը յաջողի,  ապա Թուրքիոյ   կառավարութիւնը, որո՞ւ  պիտի յանձնէ այդ հողատարածքը: Պատրիարքական տեղապահը մանրամասնութիւններ  փոխանցած  է այս նիւթին շուրջ  Արամ  Ա.  Կաթողիկոսին հետ իր ունեցած զրոյցներուն  մասին, որ չեն եղած  ամբողջական:  Ան  յիշեցուցած է, որ   Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքութիւնը      1915-էն առաջ իր հովանիին տակ ունէր շուրջ   2000  եկեղեցիներ  եւ կալուածներ,  հարց տալով, թէ  եթէ  Թուրքիոյ կառավարութիւնը  համաձայնի    Սիսի հողատարածքը յանձնել Անթիլիասին, ապա  ի՞նչ պիտի ըլլայ    միւս   եկեղեցիներուն եւ կալուածներուն  ճակատագիրը:  Սրբազան հայրը աւարտին նկատել տուած է, որ  Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ներկայացուցած դատական  հայցը   քաղաքական է, եւ ըսած «Ես  կը կասկածիմ  այս  դատի  յաջողութիւնէն, սակայն  պէտք է ընդունիլ, որ  սա դարձած է  քաղաքական հարց մը»: