(«Տէյլի Սապահ»-Պոլիս)- Թուրքիոյ ոստիկանութիւնը Ատանայի շրջակայքի բնակիչներէն ահազանգային հեռախօսազանգեր ստանալով անոնցմէ տեղեկացած է դիմակաւոր մարդոց յայտնութեան եւ կրակոցներ արձակուելու մասին, ինչը մեծ խուճապի տեղիք տուած է: Այս մասին լուրը կը փոխանցէ «Տէյլի Սապահ»ը: Թերթը կը գրէ, որ ոստիկանութիւնը կրակոցներ արձակող դիմակաւոր զինեալներու խումբը ձերբակալելու նպատակով անմիջապէս տասնեակ ոստիկաններով եւ զրահաւորուած փոխադրամիջոցներով կ'առաջնորդուի նշեալ դէպքի վայր՝ հետեւելով կրակոցի ձայներուն: Ներխուժման արդիւնքին կը պարզուի, որ այդ ամբողջ տագնապի աղբիւրը գերմանացի երգիչ Ճեմ Թորամանի նոր երաժշտական տեսահոլովակի նկարահանումն էր: Ըստ հաղորդագրութիւններուն, Թորաման ուզած է Ատանայի մօտակայքը գտնուող Ջէյհանի (Seyhan) մէջ նկարահանել իր նոր տեսահոլովակը, ուր երաժշտական համարի սենարին համաձայն զինուած տղամարդիկ ինքնաշարժներէն դուրս ցատկելով աւազակներու վրայ կրակ կը բանան, եւ բնականաբար տեղւոյն բնակիչները, ենթադրելով ամենավատը, կը տեղեկացնեն պատկան մարմիններուն:
Ըստ նոյն աղբիւրին, գերմանացի երգիչին կ'արգիլուի նկարահանման իրականացման գործը շարունակել` մարզապետարանի կողմէ անհրաժեշտ թոյլտուութեան իրաւունքը չունենալուն համար:
Նշենք, որ 32 տարեկան, թրքական արմատներով գերմանացի երգիչ Թորամանի ծնողները մալաթիացի են: Ան աշխատած է Էքո Ֆրէշի եւ Պուշիտոյի նման արուեստագէտներու հետ: Անոր մենակատարութեամբ սփրուած «Sucuk & Champagner» տեսահոլովակը, որ իրեն ապահոված է մեծ ժողովրդականութիւն, իսկ անոր երգերը ընդհանրապէս 10 միլիոն դիտում կ'արձանագրեն You Tube-ի վրայ: