image

Թորոնթոյի մէջ իր մահկանացուն կնքած նուիրեալ ուսուցչուհի Տիգրանուհի Քէնտիրճեանը

Թորոնթոյի մէջ իր մահկանացուն կնքած նուիրեալ  ուսուցչուհի  Տիգրանուհի Քէնտիրճեանը

Օրեր  առաջ   Գանատայի   Թորոնթո քաղաքին մէջ իր մահականացուն կնքած է   Տիգրանուհի  Քէնտիրճեան (ծն. Իրաք):  Տիկ. Տիգրանուհի, որպէս ուսուցչուհի երկար տարիներ պաշտօնավարած է  Թորոնթոյի  ՀՕՄ-ի  Ամէնօրեայ Վարժարանի «Պապայեան»  մանկապարտէզին մէջ:  Վարժարանի Ֆէյսպուքի էջէն այս մասին կը կարդանք. «Սրտի խոր կսկիծով կը գուժենք մահը՝ մեր վարժարանի երկար տարիներու նուիրեալ ուսուցչուհի Տիկին Տիգրանուհի Քէնտիրճեանին, որ պատահեցաւ Երեքշաբթի, 14 Յունիս, 2016-ին: Տիկին Տիգրանուհիին յիշատակը վառ պիտ մնայ իրեն պաշտօնակիցներու եւ աշակերտած հարիւրաւոր շրջանաւարտներու սրտերուն մէջ։ Անոր, Հայկական վարժարանի հանդէպ ունեցած նուիրուածութիւնը՝ նոր սերունդներու համար կը շարունակէ ծառայել որպէս ներշնչման աղբիւր»: Նշենք, որ   Տիկ.  Քէնտիրճեանի  յուղարկաւորութեան եւ թաղման արարողութիւնը պիտի    կատարուին Թորոնթոյի Սուրբ Աստուածածին   Եկեղեցւոյ մէջ: