image

Թորոնթոյի մէջ. ՀՅԴ «Սողոմոն Թեհլիրեան» կոմիտէութեան պատուիրակութիւն մը այցելած է Սուրբ Աստուածածին Եկեղեցի

   Թորոնթոյի մէջ. ՀՅԴ «Սողոմոն Թեհլիրեան» կոմիտէութեան պատուիրակութիւն մը այցելած է Սուրբ Աստուածածին Եկեղեցի

 Հոգեւոր Տեսուչ Գերպ. Տ. Գարեգին ծ.վրդ Շխրտմեանի այդ պաշտօնին կոչուելէն ասդին առաջին անգամն ըլլալով ՀՅԴ «Սողոմոն Թեհլիրեան» Կոմիտէութեան պատուիրակութիւն մը այցելութիւն տուած է Սուրբ Աստուածածին եկեղեցի։

 Հիւրերը ընդունած է Գերապատիւ Հայր Սուրբը։

 Ասոր մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ Եկեղեցւոյ դիմատետրեան էջէն եւ ստորեւ կը ներկայացնենք հրապարակուած լրատւութիւնը։

 

Երեքշաբթի, 21 Յունուար 2025-ի երեկոյեան, Թորոնթոյի Սուրբ Աստուածածին Եկեղեցւոյ մէջ հիւրընկալուեցան Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Թորոնթոյի «Սողոմոն Թեհլիրեան» Կոմիտէութեան անդամները, ընկերակցութեամբ Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչներուն։ Անոնք դիմաւորուեցան Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Տեսուչ Գերպ. Տ. Գարեգին Ծ. Վրդ. Շխրտմեանի, Հոգեւոր Հովիւ Արժ. Տ. Տաթեւ Ա. Քահանայ Միքայէլեանի եւ եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան անդամներուն կողմէ։

Անոնց այցելութեան նպատակն էր շնորհաւորել Գերապատիւ Հայր Սուրբը՝ իր նոր պաշտօնին ստանձման առիթով։ Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան զանազան կարեւոր նիւթեր։

Աւարտին, Հայր Սուրբը շնորհակալութիւն յայտնեց իրենց այցելութեան համար եւ իր յանձնառութիւնը յայտնեց աջակցելու եւ համագործակցութիւն զարգացնելու բոլոր միութիւններուն հետ միասնական ուժերով դիմագրաւելու ժամանակի մարտահրաւէրները եւ նպաստելու համայնքի ընդհանուր բարգաւաճման։