image
Հրատապ լուրեր:

Թրքական որեւէ ոտնձգութեան դէմ պիտի պայքարինք ազգովին. Նախագահ Պաշշար Ասատ

Թրքական որեւէ ոտնձգութեան դէմ պիտի պայքարինք  ազգովին. Նախագահ Պաշշար Ասատ

Ռուսիոյ ուժը այսօր միջազգային կորսուած հաւասարակշռութեան վերականգնման փորձ է: Այն հաւասարակշռութիւնը, որուն մենք կը ձգտինք, կ'արտացոլուի հիմնականին մէջ փոքր երկիրներու վրայ, եւ Սուրիան անոնցմէ մէկն է:

 

Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ շեշտած է, որ Ռուսիան  թատերաբեմ եղած է  պատերազի մը, որ կապ  չունի   ՆԱԹՕ-ի ընդլայնման խնդիրին հետ:

Նախագահ Ասատ ըսած է, որ «այս պատերազմը չէ դադրած նոյնիսկ խորհրդային տարիներէն եւ Առաջին համաշխարհային պատերազմէն առաջ, եւ այդ շարունակուող պատերազմ է»:

Ասատ նշած է, որ «Ռուսիոյ ուժը այսօր կը հանդիսանայ միջազգային հաւասարակշռութեան վերականգնման փորձին մէջ, եւ մենք կրնանք Ռուսիոյ նայիլ երկու տեսանկիւնէ: Դաշնակիցի տեսանկիւնէ, որ եթէ յաղթէ պատերազմի կամ եթէ համաշխարհային ասպարէզին մէջ անոր դիրքը աւելի զօրաւոր ըլլայ, սա մեզի համար հանգստութիւն է, եւ մէկ այլ տեսանկիւնէ՝ Ռուսիոյ ուժը այսօր միջազգային կորսուած հաւասարակշռութեան վերականգնում է: Այս հաւասարակշռութիւնը, որուն մենք կը ձգտինք, կ'արտացոլուի հիմնականին մէջ փոքր երկիրներու վրայ, եւ Սուրիան անոնցմէ մէկն է: Առանց այլ իրաւական մանրամասնութիւններուն մէջ մտնելու, ես հիմա ռազմավարականի մասին կը խօսիմ»:

Ասատ  ընդգծած է, որ «Սուրիան պաշտօնական եւ ժողովրդական մակարդակով պիտի դիմակայէ թրքական որեւէ ներխուժման, նշելով որ «երկուքուկէս տարի առաջ բախում տեղի ունեցաւ սուրիական եւ թրքական բանակներուն միջեւ, եւ սուրիական բանակը կրցաւ ոչնչացնել որոշ թրքական թիրախներ, որոնք մտած էին Սուրիոյ տարածք, եւ իրավիճակը պիտի ըլլայ նոյնը, ինչպիսին թոյլ կու տան զինուորական հնարաւորութիւնները, հակառակ պարագային  Թուրքիան պիտի հանդիպի ժողովրդային   դիմադրութեան»: