Թուրքիա- Թրքական Լիրան դարձեալ նահանջ արձանագրեց ամերիկեան Տոլարին դիմաց: Ըստ ԱՖՓ լրատուական գործակալութեան չնայած անոր, որ կառավարութիւնը մեծ ճիգեր կ'իրականացնէ պահպանելու Լիրային կայունութիւնը սակայն այսօրուան անկումը եղած է աննախընթաց: Աղբիւրը նաեւ կը հաղորդէ, որ այսօր կատարուած փոխանակումներուն հիմամբ մէկ թրքական Լիրան Տոլարին դիմաց նահանջած է 0.40 կէտով եւ մէկ Տոլարը դարձած է 3.50 Լիրա: