image

Թրամփ յայտարարած է, որ կը փափաքի հանդիպիլ Քիմ Եոնկ Ընի հետ

Թրամփ յայտարարած է, որ կը փափաքի հանդիպիլ Քիմ Եոնկ Ընի հետ

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտարարած է, որ պատրաստ է հանդիպիլ Հիւսիսային Քորէայի առաջնորդ Քիմ Եոնկ Ընի հետ իր առաջիկայ ասիական շրջայցի ժամանակ։

«Ես կը ցանկայի, ես բաց եմ հանդիպման համար»,- ըսած է ան լրագրողներուն՝ նշելով, որ «հիանալի յարաբերութիւններ» ունեցած է Քիմի հետ։

Թրամփ, որ 2019-ին պատմական այց կատարած էր Հիւսիսային Քորէա՝ դառնալով Միացեալ Նահանգներու առաջին նախագահը, Ասիոյ մէջ կը նախատեսէ այցելել Մալեզիա, Ճափոն եւ Հարաւային Քորէա՝ մասնակցելու ASEAN եւ APEC գագաթնաժողովներուն։

Չնայած Միացեալ Նահանգներու պաշտօնեաները նշած են, որ Քիմի հետ հանդիպումը դեռ օրակարգի վրայ չէ ներառուած, այնուամենայնիւ Հարաւային Քորէայի իշխանութիւնները «մեծ հաւանականութիւն» կը տեսնեն, որ այդ իրականացուի։

Թրամփ նաեւ պիտի հանդիպի Չինաստանի նախագահ Սի Ծինփինի հետ՝ երկկողմանի առեւտրային լարուածութեան ֆոնին։ Ան յայտարարած է, որ Չինաստանի սահմանափակումներուն պատճառով կրնայ 100% մաքսատուրք սահմանել չինական ապրանքներուն նկատմամբ։