image

Ամերիկան երբեք չի փափաքիր, որ Ռուսիան «լրիւ ջախջախուի»...

Ամերիկան երբեք չի փափաքիր, որ Ռուսիան  «լրիւ ջախջախուի»...

Մեր հայրենակից Արսէն Կիւլիստանեան կը գրէ՝ 

Առ ի տեղեկութիւն բոլորին, այստեղ բաց գաղտնիք մը նաեւ նշեմ, որ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները գրեթէ «երբեք» Ռուսիոյ լրիւ ջախջախման կողմնակից չէ եղած, (առնուազն վերջին 30-40 տարիներու ընթացքին...), որովհետեւ շատ լաւ գիտէ, որ նման պարագային, "ի միջի այլոց", Չինաստանը ինչ ծրագիրներ պատրաստած է, ներառեալ Ռուսիոյ արեւելեան մասերու՝ այսինքն լրիւ Սիպերիոյ նուաճում եւ չինական պետութեան հսկայական մեծացում եւ հզօրացում, ու կարծեմ սա արդէն ապացոյց է նաեւ Թրամփի ներկայ եւ ապագայ  քաղաքական որոշումներուն   եւ  ուղուածութեան…։

Մէկ խօսքով, տկար, բայց ոչ ալ լրիւ ջախջախուած Ռուսիա մը շատ աւելի ձեռնտու է Ամերիկայի համար (ու նաեւ մեզի համար...) քան, ա՛լ աւելի հզօրացած Չինաստան մը ու սա, առնուազն առաջիկայ 50-60 տարուան համար, եթէ անշուշտ մօտ ապագային շաբաթը ուրբաթէն առաջ չգայ...

Իսկ այդ ինչու համար մեզի աւելի ձեռնտու է, ըսեմ, որ ներկայիս, Ռուսիոյ Դաշնութեան ամենակարկառուն դաշնակից/գործակիցներ հանդիսացող այլ երկու պետութիւններ՝ Թուրքիան եւ Ատրպէյճանը, որոնք 2020ի 44օրուան ժամանակ Ռուսիոյ հետ, այսպէս կամ այնպէս համագործակցեցան, ի վնաս մեզի անշուշտ, նաեւ կը տածեն նոյնանման ծրագիրներ ու նպատակներ այն պարագային համար, երբ Ռուսիա լրիւ տկարանայ ու ջախջախուի, որուն ռուսական ներկայ իշխանութիւնները լրիւ գիտակից են, սակայն իրենց ներկայ որոշակի շահերէն ելլելով այդ հանգամանքը կ'անտեսեն, կամ այդպէս կը ձեւացնեն. այդ երկու նշածս պետութիւնները կը հանդիսանան միաժամանակ մեր ոխերիմ թշնամիները, որոնք որեւէ ճիգ պիտի չխնայեն մեր հայրենիքը, եթէ ոչ մեր ողջ ազգը, ամենայարմար պահուն երկարգունդի երեսէն վերացնելու...

Հետեւաբար մեր ներկայ ու ապագայ բոլոր իշխանութիւնները նկատի առնելով այս իրողողութիւնները եւ ի մտի ունենալով միայն ու միայն մեր ազգային-պետական շահերը պէտք է շատ զգոյշ մօտենան ՀՀ-Ռուսիա-Միացեալ նահանգներ-Չինաստան քառանկիւնաձեւ յարաբերութիւններուն ու համապատասխանաբար վարուին, առանց այս կամ այն ձեւի զգացականութիւններուն տեղի տալով...