ԱՄՆ նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտնած է, որ Կազայի շուրջ ընթացող բանակցութիւնները կը դիտարկէ որպէս շատ արդիւնաւէտ։
«Ուրախ եմ տեղեկացնելու, որ Կազայի հարցով մենք շատ ոգեշնչուած եւ արդիւնաւէտ քննարկումներ կ՚ունենանք Մերձաւոր Արեւելքի համայնքին հետ։ Անխուժ բանակցութիւնները արդէն կը շարունակուին չորս օր եւ պիտի շարունակուին այնքան, որքան անհրաժեշտ ըլլայ՝ համաձայնագրի յաջող կնքման համար։ Անոր կը մասնակցին շրջանի բոլոր երկիրները, «Համաս»-ը քաջատեղեակ է այս քննարկումներուն, իսկ Իսրայէլը տեղեակացուած է բոլոր մակարդակներով, ներառեալ՝ վարչապետ Բենիամին Նեթանեահուի»,– գրած է Թրամփը իր «Truth Social»ի էջի մէջ։
Ըստ անոր՝ վերջին տասնամեակներուն առաջին անգամն է, որ այսքան բարի կամք եւ խանդավառութիւն կը տեսնէ խաղաղութեան համաձայնագրի հասնելու համար։
«Բոլորը ուրախ են, որ մահուան եւ խաւարի այս շրջանը անցած է։ Մեծ պատիւ մըն է մեզի համար մասնակցիլ այս բանակցութիւններուն։ Մենք պէտք է վերադարձնենք պատանդները եւ հասնինք մշտական ու յարատեւ խաղաղութեան»,– ընդգծած է ԱՄՆ նախագահը։