image

Թեհրանի եկեղեցոյ հովիւ՝ Տ. Կոմիտաս Աւ. Քհնյ. Ղարախանեանը զոհ ՝ «Քորոնա»ի

Թեհրանի  եկեղեցոյ հովիւ՝ Տ. Կոմիտաս Աւ. Քհնյ. Ղարախանեանը զոհ ՝ «Քորոնա»ի

 Օրերս Թեհրանի մէջ «Քովիտ»ի ստեղծած բարդութիւններուն հետեւանքով ի տէր հանգչած է Տ. Կոմիտաս Աւ. Քհնյ. Ղարախանեանը։

 Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ վախճանեալ Տէր Հօր հարազատներէն։

 

 Ստորեւ հանգուցեալ Տէր Հօր մասին հակիրճ կենսագրականը։

 Տ.   Կոմիտաս   Աւ. Քհնյ. Ղարախանեան։ Աւազանի  անունով  ՝Րաֆֆի։  Ծնած 1956-ին Թեհրան։

1993/1995 եղած է Լիբանան՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Դպրեվանքին մէջ, որպէս ամուսնացեալ քահանայութեան թեկնածու։

Քահանայական ձեռնադրութիւնը ստանալէ ետք եղած է Թեհրանի Սրբոց Թարգմանչաց Եկեղեցւոյ 26 տարուայ ծառայասէր ու նուիրեալ եկեղեցական։

Դաստիարակած է կիրակնօրեայ վարժարաններու ուսուցիչներ։

 Իր դաստիարակած սաներէն շատեր այսօր որպէս կրօնական գործիչներ կը ծառայեն Իրանի մեր եկեղեցիին։

Շատ են անոր տարած աշխատանքները բայց եւ ժողովուրդի քաղցր վկայութիւնները խօսուն են ննջեցեալի տարած աշխատանքներուն մասին։

 «Քորոնա»ի բերած բարդութիւններուն պատճառով Արժ. Տէր հայրը իր մահկանացուն կնքեց չորեքշաբթի 5 Մայիսի առաւօտուն։

 

 Այս առթիւ մեր խորազգաց ցաւակցութիւնները կը յայտնենք Թեհրանի Հայոց Թեմին, Առաջնորդ Տ. Սեպուհ արք. Սարգիսեանին եւ ի մասնաւորի հանգուցեալ Տէր Հօր որդւոյն՝ Տ. Վահրիճ վրդ. Ղարախանեանին, որ որպէս հոգեւոր հովիւ կը ծառայէ Վենեզուելայի Հայոց Թեմէն ներս։