Իրանի Արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Նասեր Քանաանին դեկտեմբեր 11-ին անդրադարձած է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի՝ փոխադարձ գործողութիւններու եւ համագործակցութեան՝ ներառեալ երկու կողմերու գերիներու ազատ արձակման վերաբերեալ վերջերս եղած համատեղ յայտարարութեան:
Ողջունելով յայտարարութիւնը՝ Քանաանին այն «դրական իրադարձութիւն» որակած է։
Իրանի Արտաքին գործոց նախարարութեան խօսնակը աւելցուցած է, որ կայուն խաղաղութեան հասնիլը կը պահանջէ տարածաշրջանային կողմերու միջեւ խաղաղ հռետորաբանութեան եւ վստահութեան մթնոլորտի ամրապնդում:
«Յուսով ենք, որ այդ միջոցները կը յանգեցնեն երկու կողմերու միջեւ խաղաղութեան եւ կայունութեան: Իրանը պատրաստ է աջակցելու երկու երկիրներուն տարածաշրջանային խաղաղութեան եւ անվտանգութեան ապահովման գործին»: