image

Թատրոնի, պարզութեան եւ ժողովուրդի մարդը. Յիշելով Սեդրակ Էսմէրեանը

Թատրոնի, պարզութեան եւ  ժողովուրդի մարդը. Յիշելով  Սեդրակ  Էսմէրեանը

 Լիբանանահայ    թատերական  գործիչ, բեմադրիչ ՝ Յարութ Գնդունի  կը գրէ 

 

Լիբամանահայ թատերագիր եւ երաժիշտ ՍԵԴՐԱԿ ԷՍՄԵՐԵԱՆի մասին, ՛՛Հայկական Հայաստան՛՛ կայքին վրայ, կը կարդանք՝

«Լիբանանահայ թատերագիր Սեդրակ Էսմերեան ծնած է 1914-ին։ Իր հայրենակիցներուն նման ճաշակելէ յետոյ տարագրութեան դառնութիւնը, ընտանեօք կը հաստատուի Պէյրութ։ ՛՛Մանկութիւն չունեցող՛՛  սերունդէն էր ան, բայց իր սերնդակիցներէն շատ-շատերուն հակառակ, ան լաւատեսութեամբ կը նայէր կեանքին՝ նոյնիսկ ամենամռայլ օրերուն։

Երիտասարդութեան շէմը հազիւ հասած, դերեր կը վերցնէ ժամանակի հայկական թատերախումբերուն մէջ, եւ մաս կը կազմէ հայկական նուագախումբերու, ինչպէս ՛՛Սայաթ Նովա՛՛ նուագախումբը» ։

Լիբանանահայ կարգ մը բեմադրիչներ՝ ինչպէս Թաթուլ Այնէճեան, Օննիկ Գանթարճեան, Զօհրապ Եագուպեան, Մուշեղ Մուղալեան և Յովհաննէս Հելվաճեան բեմ հանած են Սեդրակ Էսմերեանի կատակերգութիւնները, որոնցմէ կրնանք յիշել՝

*՛՛Ալեքսան Էֆենտին՛՛ բեմադրած է Թաթուլ Այնէճեանը՝ Համազգայինի ՛՛Լեւոն Շանթ՛՛ թատերախումբով՝ 1962 թուականին։

* ՛՛Արամչէնի Զատիկը՛՛ բեմադրած է ինք՝ հեղինակը, 1962 թ. ին։

* ՛՛Հայ Մօր Կեանքը՛՛, բեմադրած է Յովհաննէս Հելուաճեան իր ՛՛Կոմիտաս՛՛ թատերախումբով։

* ՛՛Ամերիկա-Ամերիկա՛՛, բեմադրած է Մուշեղ Մուղալեանը, իր ՛՛Դիմակի Թատրոն՛՛ թատերախումբով։

* ՛՛Պատերազմը Վերջացա՞ւ՛՛, բեմադրած է Յովհ. Հելվաճեանը, իր ՛՛Կոմիտաս՛՛ թատերախումբով՝ 1984 թ. ին։

* ՛՛Խամաճիկներու Օփերան՛՛, բեմադ. Մուշեղ Մուղալեանը՝ 1984 թ. ին։

* ՛՛Ռոմէօ Ժիւլիէթ՛՛ կատակերգութիւնը բեմադրած է Զօհրապ Եագուպեանը, իր ՛՛Փորձառական Թատրոն՛՛ թատերախումբով և նաեւ արաբական խումբով՝ 1985 և 1986 թուականներուն։

* ՛՛Տոլարերգութիւն՛՛ բեմադ. Զօհրապ Եագուպեանը՝ 1987 թ. ին։

* ՛՛Մէկ Հարսնցու Երեք Դեկնածու՛՛ բեմադրած է Օննիկ Գանթարճեանը իր ՛՛Վարդան Աճեմեանի անուան Ստիտիօ Ա.՛՛թատերախումբով՝ 1987 թ. ին։

* ՛՛Ամուրիներու Միութեան Ժողովը՛՛ բեմադ. Յովհաննէս Հելուաճեան՝ 1987 թ. ին։

Էսմերեան ունի այլ բեմադրուած եւ չբեմադրուած ՛՛սքէչներ՛՛, կատակերգութիւններ, ինչպէս նաեւ հրատարակուած ՛՛Առակներ՛՛(1963), ՛՛Ամերիկա Երթալ Կ՛ուզեմ՛՛(1980) եւ այլ թատերախաղեր։

Ան յօրինած է յիսունէ աւելի երգեր։

՛՛ՍՓԻՒՌՔ՛՛ շաբաթաթերթի մէջ, 2013 թուականին, պատմաբան Գէորգ Եազճեան, Սեդրակ Էսմերեանի մասին կը վկայէ՝

«Սեդրակ Էսմերեանի թատրերգութիւնները կը յատկանշուին իրենց պարզութեամբ, ժողովրդայնութեամբ, անկեղծութեամբ ու մանաւանդ՝ յանդգնութեամբ։ Ուշի ուշով կը հետեւէր ժողովուրդի նիստ ու կացին, վարք ու բարքին, խօսակցութեան, և վարպետօրէն կ՛որսար մանրուք թուացող շատ կէտեր՝ զանոնք իր թատրերգութիւններուն միջոցով ժողովուրդին վերադարձնելու համար, արժանաւորապէս գովելով դրական  յատկանիշները ու անխնայօրէն խարազանելով ժխտական կողմերը»։

Գէորգ Եազճեան կը շարունակէ իր վկայութիւնը, գրելով՝ « ՛՛Ռատիօ Պէյրութ՛՛ և ՛՛Նշանածս Ամերիկացի է՛՛ մէկ արարնոց երկու կատակերգութեանց միացեալ ներկայացումը եղաւ անոր կարապի երգը։ Այս երկու թատրերգութիւններուն մէջ Սեդրակ Էսմերեան լաւագոյնս յաջողած էր Միջին Արևելքին արտագաղթի ու Արեւմուտքի մէջ հայապահպանութեան ամբողջ ողբերգութիւնը պատկերել, երգիծանքի միջոցով։ Արտագաղթին կատաղի հակառակորդ մը ըլլալով, Էսմերեան չէր վարանած ամենախիստ ածականներ գործածելու։ Կը քննադատէր նաեւ ամերիկահայութեան կեցուածքը, լիբանանահայութեան հանդէպ»։

Յարգանք՝ վաստակաշատ Սեդրակ Էսմերեանին՝ որ իր ողջ կեանքը նուիրած է հայ արուեստին։

(Սոյն գրութիւնը մէջբերած ենք ՛՛Լիբանանահայ Թատրոնը 1920 - 2020՛՛ հատորէն։ Յիշեցնենք, որ մօտ 400 էջերէ բաղկացած հատորը պատրաստ է լոյս աշխարհ գալու՝ կը սպասէ հովանաւորող ՛՛մեկենաս՛՛ի) ։