image

Թանէր Աքչամի «Սպանութեան հրահանգներ»ը՝ յունարէնով. Ուշագրաւ միջոցառում Աթէնքի մէջ

 Թանէր Աքչամի «Սպանութեան հրահանգներ»ը՝ յունարէնով. Ուշագրաւ միջոցառում Աթէնքի մէջ

Մեր ներկայ վիճակն ու օրակարգը այնքան մը բարդացած են, որ շատ յաճախ անտեսելու տուած ենք այն հիմնարար օրակարգերը, որոնք ամբողջ հայութեան համար կը շարունակեն մնալ ուղենշային։

Մինչ Հայաստանի իշխանութիւնները ձեռք կը մեկնեն պաշտօնական Անգարային, անդին հարիւր եւ աւելի տարիներու վաղեմութիւն ունեցող Հայոց Ցեղասպանութեան հիմնախնդիրը կը շարունակէ մնալ առանցք եւ պայքարի ելակէտ աշխարհով մէկ սփիւռքացած հայութեան համար։ 

Այս առումով ալ ուշագրաւ եւ ողջունելի աշխատանք կը տանին Հայ Դատի մարմինները, որոնց տքնաջան ճիգերուն շնորհիւ օրերս ընթերցողի սեղանին դրուած է թուրք յայտնի մտաւորական Թանէր Աքչամի «Սպանութեան հրահանգներ»ը հատորի յունարէն տարբերակը։

 Կայ անշուշտ ոչ անտեսելի փաստ, որուն հիմքով ալ եւ ի տես Արցախեան աղէտալի պատերազմի տխուր վախճանին, հետեւանքներուն ու մանաւանդ այսօրուայ անորոշութեան, հայութեան գրեթէ բոլոր թեւերը մեծ խորշանքով կը դիմաւորեն «թուրք մտաւորական», կամ նոյնիսկ «թուրք հայութեան բարեկամ գրող  ու  մտաւորական» եզրոյթները։ 

 Կայ այս վիճակը, սակայն լիայոյս ենք, որ  իրավիճակները աւելիով կը հանդարտին ու մեր հասարակութիւնը ՝Հայաստանի մէջ, թէ Սփիւռքի տարածքին  ժամանակը եւ տրամադրութիւնը կը վերագտնէ իրերուն ճիշդ գնահատականը տալու, ու տեղ մըն ալ հաւատայ, որ հայութեան համար կարեւոր եւ կենսական դրոյթ է տեսնել ու հարեւանութիւն ընել ժողովրդավար հիմքեր ունեցող Թուրքիոյ մը հետ, որ նաեւ քաջութիւնը պիտի ունենայ վերակարդալ եւ ճիշդ գնահատակններ տալ հարիւր տարի առաջ եղած ճակատագրական եղելութիւններուն։

Ստորեւ մեր ընթերցողներու ուշադրութեան կը յանձնենք Թանէր Աքչամի ներկայութեամբ եղած «Սպանութեան հրահանգներ»-ի յունարէնով լոյս տեսած հատորի ներկայացման հանդիպման մասին մեր պաշտօնակից՝ «Ազատ օր»ին մէջ լոյս տեսած թղթակցութիւնը ՝ ամբողջութեամբ։

Երկուշաբթի, 21 Մարտ 2022-ի երեկոյեան, Գոքինիոյ «Զաւարեան» կեդրոնին մէջ, Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Հայ դատի յանձնախումբը եւ «Փափազիսիս» հրատարակչատունը միասնաբար կազմակերպեցին թուրք հանրածանօթ փրոֆէսոր եւ Հայոց ցեղասպանութեան ուսումնասիրող Թանէր Աքչամի «Սպանութեան հրահանգներ» գիրքի յունարէն հրատարակութեան ներկայացումը, որ կատարեց այս առիթով Աթէնք ժամանած նոյնիքն հեղինակը։ Ելոյթին յատուկ ներկայութիւն եւ մասնակցութիւն ունեցաւ նաեւ Յունաստանի կրթութեան փոխնախարար եւ համալսարանի դասախօս պ. Ակելոս Սիրիղոս։

Հակառակ համավարակի ստեղծած պայմաններուն, սրահը կանուխէն լեցուն էր հայ եւ յոյն հոծ բազմութեամբ, որոնք եկած էին մօտէն լսելու թուրք ծանօթ մտաւորականը։

Ելոյթը իրենց ներկայութեամբ պատուեցին շրջանի հոգեւոր հովիւ Պարէտ քհնյ. Խաչերեան, Ազգային վարչութեան ատենապետ պ. Թագւոր Յովակիմեան եւ անդամները, Հայ Կապոյտ Խաչի, Համազգայինի եւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Շրջանային վարչութիւններու կազմերը, տեղական վարչութիւններու անդամներ, Հ.Յ.Դ. Եւրոպայի Հայ դատի յանձնախումբի նախագահ Գասպար Կարապետեան, շրջաններու կոմիտէներու անդամները, Յունաստանի պոնտական միութիւններու ուսուցչական կազմակերպութեան նախագահ պ. Եորղոս Փաւլիտիս, Յունաստանի մէջ ասորիներու միութեան նախագահ պ. Քիրիաքոս Պացարաս եւ այլ հիւրեր։

Ելոյթի բացումը կատարեց եւ ներկայացումը վարեց Արշալոյս Սափրիչեան, որ հանգամանօրէն անդրադարձաւ ներկայացման նպատակին ու յատկապէս ներկայացուած գիրքի պարունակութեան։ Յատուկ նշում ըրաւ օրուան հիւրի՝ փրոֆ. Թանէր Աքչամի ակադեմական գործունէութեան ու մասնաւորապէս անոր կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ուսումնասիրութեան մասին։ 

Յաջորդաբար, անդրադարձ կատարեց առաջին խօսողի՝ կրթութեան փոխնախարար Ակելոս Սիրիղոսի ակադեմական եւ համալսարանական գործունէութեան, յունական եւ օտար համալսարաններու մէջ, ինչպէս նաեւ թուեց այն ակադեմական աշխատանքները, որ նախարարը հրատարակած է յատկապէս տարածաշրջանային պատմութեան ոլորտէն ներս։

Պ. Ակելոս Սիրիղոս բեմ բարձրանալով իր գոհունակութիւնը յայտնեց Թանէր Աքչամի ներկայութեան համար սրահէն ներս եւ ընդգծեց, որ պատմական ճշմարտութեան ուղղութեամբ պայքարող բոլոր մտաւորականներուն համար յատուկ նշանակութիւն ունի անհերքելի տուեալներու եւ փաստերու ճշգրիտ բացայայտումն ու ներկայացումը հանրութեան։ 

Յաջորդաբար, փոխ նախարարը խօսեցաւ գիրքին մէջ տեղ գտած փաստաթուղթերուն եւ իթթիհատական պարագլուխներուն կողմէ հրատարակուած գրաւոր հրահանգներուն մասին, որոնք բացայայտ կերպով կ՚ապացուցանեն Հայոց ցեղապանութեան անժխտելիութիւնը եւ փաստացի իրողութիւնը։

Նախարարը ողջունեց սրահէն ներս պոնտական եւ ասորական միութիւններու ներկայացուցիչները, նշելով թէ Օսմանեան Թուրքիոյ կողմէ կատարուած ցեղասպանութիւնները քրիստոնեայ տարրի ամբողջական վերացումը հետապնդող ծրագրուած ոճիր մըն էր. Հայոց ցեղասանութեան կողքին, նոյնքան կարեւոր եւ հրամայական է ասորական, յունական եւ պոնտական ժողովուրդներու սպանդներու միջազգային ճանաչումը։ Յարգելի խօսողը յատկապէս անդադարձաւ հայոց Նեմեսիսին, նշելով, թէ հայերը արդարահատոյց եղան այդ մեծ ոճիրին համար, ապա խօսեցաւ Սողոմոն Թեհլիրեանի դատավարութեան ու անոր ազատ արձակման մասին, որպէս մարդկային արդարութեան բարձր օրինակ։ Պ. Ակելոս Սիրիղոս յայտնեց, որ Թանէր Աքչամի աշխատանքը եւ գիրքի հրատարակութիւնը յատուկ տեղ կը գրաւէ ցեղասպանութիւններու բացայայտման եւ կանխարգիլման գործին մէջ։

Յաջորդաբար, ընկ. Արշալոյս Սափրիչեան բեմ հրաւիրեց եւ ներկայացուց օրուան գլխաւոր խօսող փրոֆ. Թանէր Աքչամը, տալով իր կենսագրական գիծերը, թուրք պետութեան կողմէ դիմագրաւած բանտարկութիւնները եւ չարչարանքները, ինչպէս նաեւ իր ակադեմական ամբողջ գործունէութինը Օսմանեան եւ արդի Թուրքիոյ գործած ոճիրներու բացայայտման մասին։

Փրոֆէսոր Աչքամ, սահիկներու օգնութեամբ իր ներկայացումը ծաւալեց անգլերէն լեզուով, որուն թարգմանութիւնը ձեռնհասօրէն եւ ամենայն ճշգրտութեամբ կատարեց Արաքսի Աբէլեան-Գոլանեան, տալով պատմաբանի բացատրութիւններուն ամբողջական իմաստը։

Թանէր Աքչամ անդրադարձաւ գիրքին մէջ տեղ գտած փաստաթուղթերուն, որուն հիմքը կազմած է Արամ Անտոնեանի ծանօթ հրատարակութիւնը 1922-ին, ուր ան կարողացած էր իր ձեռքը առնել թուրք պաշտօնատար Նայիմ Էֆէնտիի յուշագրութիւնը եւ անոր մէջ տեղ գտած փաստաթուղթերու շարք մը, ինչպէս նաեւ յատուկ նշումներ կատարեց հայ կաթողիկէ վարդապետ Գրիգոր Կէրկէրեանին մասին, որ կարողացաւ իր մօտ հաւաքել նման փաստաթուղթերու եւ հրահանգներու պատճէնները, որոնց կ՚անդրադառնայ Աքչամ իր գիրքին մէջ։ 

Յաջորդաբար, ան ներկայացուց թրքական ժխտողականութեան եւ փաստագրութեան խեղաթիւրման քաղաքականութիւնը, որ օսմանեան պետութիւնը յղացած էր այն օրերէն երբ կը ծրագրէր ի գործ դնել Հայոց եւ արեւելքի քրիստոնեայ ժողովուրդներու ցեղասպանութիւնները։ Աւելի մանրամասնելով, գիրքի հեղինակը ցոյց տուաւ, թէ ինչպէս պետութիւնը այն ժամանակներէն ստեղծած էր շինծու եւ ստաբարոյ փաստաթուղթեր, միաժամանակ փորձած է անհետացնել իրական փաստաթուղթերը, որոնք Ցեղասպանութիւնը յղացողներու, ինչպիսին են Թալեաթ, Շաքիր եւ այլ պետական այրեր, հրահանգներն են հայ ժողովուրդի ամբողջական բնաջնջման համար։

Ան նաեւ յատուկ օրինակ բերաւ Գրիգոր Զօհրապի մահը ժխտող կեղծ փաստաթուղթերու առկայութիւնը, որոնք կը փորձեն հաստատել, թէ Զօհրապ մահացաւ սիրտի կաթուածէ։ 

Թաներ Աքչամ յայտնեց, թէ իր աշխատութիւնը կու գայ ամբողջութեամբ լրացնելու Արամ Անտոնեանի աշխատանքը եւ Կէրկէրեանի հաւաքածոն, խորազնին ուսումնասիրելով արխիւներ եւ արձանագրութիւններ, վերծանելով թրքական գաղտնածածուկ հեռագիրներու պարունակութիւնը եւ մէկ առ մէկ տապալելով թրքական վարկածները, իսկ իր աշխատանքը յենուած է իրական փաստերու եւ յուշագրութեան մէջ տեղ գտած փաստագրութեանց եւ պաշտօնական գրառումներու վրայ։ Ան նաեւ ըսաւ, թէ թրքական կողմը նոյնիսկ փորձած է հերքել Նայիմ Էֆէնտիի գոյութիւնը, ըսելով թէ ան ու իր յուշերը կեղծ են, սակայն նոյնինքն Թուրքիոյ պետական արխիւները ցոյց կու տան Նայիմի՝ որպէս օսմանեան բարձրաստիճան պաշտօնեայ գործելու ու անոր ունեցած բոլոր փաստերու ճշմարտացի ըլլալու իրողութիւնը։ 

Յաջորդեցին հարցումներ ներկաներուն կողմէ, որոնց փրոֆ. Աքչամ պատասխանեց հանգամանալից եւ սպառիչ բացատրութիւններով։

Փակելով գիրքի ներկայացման ելոյթը, Արշալոյս Սափրիչեան մէջբերում մը կատարեց Աքչամի գիրքէն, թէ ճշմարտութիւնները միշտ կը բացայայտուին եւ լոյս կը սփռուի անոնց վրայ։ Շեշտեց, թէ ամէն անգամ, որ մանրակրկիտ եւ անաչար փաստագրական որոնումներ տեղի կ՚ունենան, ինչպիսին է Թանէր Աքչամի պարագան, ճշմարտութիւնը միշտ իր փայլուն երեսը ցոյց կու տայ։ Ան յոյս յայտնեց, որ Աքչամի աշխատանքը պիտի խթանէ նաեւ այլ մտաւորականներ ուսումնասիրելու թրքական պետութեան արխիւները եւ նշեց, թէ պարտք ունինք պահանջելու այս երկրի պետական արխիւներու բացայայտումը եւ արդարութեան վերականգնումը։

Աւարտին, փրոֆ. Թանէր Աքչամ անձնապէս ստորագրեց իր գիրքի օրինակները։