image
Հրատապ լուրեր:

Կը սպասուի անձրեւ․ օդի ջերմաստիճանը պիտի բարձրանայ

Կը սպասուի անձրեւ․ օդի ջերմաստիճանը պիտի բարձրանայ

Փետրուար 14-ի ցերեկը Շիրակի, Լոռիի, Տաւուշի, Գեղարքունիքի, Սիւնիքի մարզերու առանձին հատուածներու մէջ, Արագածոտնի եւ Կոտայքի լեռնային շրջաններու մէջ կը սպասուի քամիի ուժգնացում՝ 18-22 մ/վ արագութեամբ։ Լեռնային առանձին շրջաններու մէջ կը դիտուի նաեւ բուք, ցած հորիզոնական տեսանելիութիւն։ 

​Երեւանի մէջ փետրուար 14-ի ցերեկը, 19-ին կը սպասուի անձրեւ։ Փետրուար 15-18-ին կը սպասուի առանց տեղումներու եղանակ։

​​​Հանրապետութեան տարածքին մէջ փետրուար 14-ի ցերեկը շրջաններու զգալի մասին մէջ, 15-ի եւ 18-ի գիշերը, 19-ին առանձին շրջաններու մէջ կը սպասուին տեղումներ․ նախալեռնային եւ հովտային շրջաններու մէջ՝ անձրեւի եւ ձնախառն անձրեւի, լեռնային շրջաններու մէջ՝ ձիւնի տեսքով։ Լեռնային առանձին շրջաններու մէջ կը սպասուի նաեւ բուք, ցած հորիզոնական տեսանելիութիւն։ Փետրուար 15-ի ցերեկը, 16-17-ին, 18-ի ցերեկը կը սպասուի առանց տեղումներու եղանակ։

Քամին` հարաւարեւմտեան`3-6մ/վ, առանձին շրջաններու մէջ կը սպասուի նաեւ քամիի ուժգնացում․ փետրուար 14-ի ցերեկը, 17-19-ին՝ 18-22մ/վ, 15-16-ին՝ 13-16մ/վ արագութեամբ։ Օդի ջերմաստիճանը փետրուար 14-ի ցերեկը, 15-18-ին ողջ հանրապետութեան մէջ աստիճանաբար պիտի բարձրանայ եւս 3-5 աստիճանով։