image

«Թալեպ»ներու առաջնորդը ժամանած է Քապուլ

«Թալեպ»ներու առաջնորդը ժամանած է Քապուլ

Մարդը, որուն կը համարեն թալեպներու գլխաւոր քաղաքական առաջնորդ, Ապտուլ Ղանի Պարատարը ժամանած է Քապուլ, կը հաղորդէ FoxNews-ը:

Թալեպանի պաշտօնական ներկայացուցիչ Զապիխուլա Մուճախիտի խօսքով՝ Պարատարը ժամանած է նոր կառավորութեան շուրջ խորհրդակցութեան համար:

Պարատարը մասնակցած է անցեալ տարի Տոհայի մէջ կայացած խաղաղ բանակցութիւններուն: Ան նաեւ 1994 թուականին Թալեպանի համահիմնադիրներէն է: Ան կը համարուի Աֆղանիստանի յաջորդ առաջնորդը:

Կ'ակնկալուի, որ թալեպները պիտի յայտարարեն նոր կառավարութեան մասին 31 Օգոստոսէն ետք, երբ ամերիկեան զօրքերը երկրէն դուրս կը բերուին: