image

Նաթանիահուն յայտարարած է, որ Իրանը փորձած է սպանել իր որդիներէն մին

Նաթանիահուն յայտարարած է, որ Իրանը փորձած է սպանել իր որդիներէն մին

Իսրայէլի վարչապետ Բենիամին Նաթանիահուն Օգոստոս 24-ին յայտարարած է, որ իրանական յատուկ ծառայութիւնները փորձած են սպաննել իր որդիներէն մէկը։ Ան այս մասին ըսած է իսրայէլական Channel 14-ին տուած հարցազրոյցի ընթացքին։

«Ինչ կը վերաբերի իմ որդիներուս, ապա կը կարծեմ, որ այստեղ անհաւանական բան կը կատարուի։ Իրանը հետապնդած է իմ որդիներէն մէկը։ Իրանը փորձած է սպաննել իմ որդիներէն մէկը, փորձած է մահափորձ կատարել անոր դէմ»,– ըսած է Իսրայէլի վարչապետը։

Հարցին, թէ արդեօք վարչապետը կը հիմնուի հետախուզական որեւէ տեղեկութեան վրայ, Նաթանիահուն հրաժարած է մանրամասնութիւններ հաղորդելէ։

Նեթանիահուն երեք զաւակ ունի. որդիներուն՝ Եաիրի եւ Աւների մայրը Սառա Նաթանիահուն է, իսկ դուստրը՝ Նոան, անոր առաջին ամուսնութենէն է։

France 24 կը նշէ, որ անոր աւագ որդին՝ 35-ամեայ Եաիրը, 2024-ի սկիզբէն ի վեր շատ ժամանակ անցուցած է Մայամիի մէջ՝ ենթադրաբար Իսրայէլի անվտանգութեան ծառայութեան՝ Շին Պեթի պաշտպանութեան ներքոյ։

Պարզ չէ, թէ Նաթանիահուի որ որդին, ենթադրաբար, թիրախաւորուած է։