Թուրքիա- Քրտական Ազատագրութեան Կազմակերպութիւնը՝ PKK-ն Տէրսիմը ինքնավար մարզ յայտարարած են: Այս մասին տեղեկութիւնը տուած է Tert.am յղում ընելով քրտական Rudaw.net կայքը: Քրտական աղբիւրը նաեւ կը յայտնէ, որ քիւրտ զինեալներ իրենց վերահսկողութեան տակ առած են Տէրսիմի ամբողջ շրջանը եւ անոնք պատրաստ են պաշտպանել քիւրտերու անվտանգութիւնն ու ապահովութիւնը: