Հոկտեմբեր 6-ին, ժամը 16:00-ին, ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի ղեկավարութեամբ տեղի կ’ունենայ սուրիահայերու հիմնախնդիրները համակարգող միջգերատեսչական յանձնաժողովի հերթական նիստը (Հասցէ` Վ. Սարգսեան 3, 9-րդ յարկ):
Կը քննարկուին սուրիահայերուն ցուցաբերուած աջակցութեան եւ նախատեսուող ծրագիրներուն, Երեւանի դպրոցներէն ներս սուրիահայ երեխաներուն ընդելուզման գործընթացին, ամառային հանգստին վերաբերող եւ այլ հարցեր: