image

Տարածքաշրջանին Մէջ Այսօր Կ'ընթանայ Ներ- Քրտական Թէժ Պայքար. Սեւակ Արծրունի

Տարածքաշրջանին Մէջ  Այսօր   Կ'ընթանայ  Ներ- Քրտական Թէժ  Պայքար. Սեւակ Արծրունի

«Թուրքիան մտած է  Նոր Օսմանեան տարածքի ձեւաւորման  աշխոյժ շրջան մը».  «Արեւելք»ին ըսաւ Սեւակ  Արծրունի:  Արծրունիի  կարծիքով   Թուրքիոյ  տարբեր նահանգներուն (հիմնականին մէջ քրտաբնակ)  տեղի  ունեցող զինուորական գործողութիւնները, միտուած են  ոչ թէ քրտական հարցին լուծում  բերելու , այլ   հոն տեղի կ’ունենան նոր Միջին Արեւելքի բաժանման շուրջ ընդհանուր  ազդեցութիւններու յստակեցման գործընթացները:  Մեր խօսակիցին  կարծիքով «Ռուսական ռմբակոծումները, Եւրոպային հարուածող ահաբեկչութիւնն ու փախստականներու  ճգնաժամը, պարսկական եւ շիիթական -ալեւիական ուժերու    երեւելի աշխուժացումը  Իրաքի  եւ   Սուրիոյ մէջ,   համասիւննիական միջպետական ռազմական ճակատի կազմաւորումը Սէուտական Արաբիոյ շուրջ եւ վերջապես Սուրիոյ, Իրաքի, Իրանի, Լիբանանի, Թուրքիոյ եւ այլ երկիրներու միջեւ բաժնուած քրտական տարտղնուաած ուժերուն  աշխարհաքաղաքական կողմնորոշումը պէտք է նայիլ միայն  այս պրիսմակէն»: Հասարակական  գործիչին կարծիքով  աշխարհաքաղաքական ճատրակի  սեղանին  նոյնպէս կ’ընթանայ  ներ- քրտական դաժան պայքար: «Այսօր քիւրտերը բաժնուած են  առնուազն երեք հոսանքներու. Պարազանիի  ամերիկա-իսրայէլամէտ իշխանութիւնը, PKK-ն եւ անոր  շուրջ գործող անկախամէտ ձախակողմեաններու  ճամբարը եւ իսլամիստական Թրքամէտ-օսմանական ճամբարը»,- ըսաւ Արծրունի,  նկատել տալով, որ  «Ոչ միայն Թուրքիոյ մէջ  այլ նաեւ Իրաքի լեռնային  հատուածներուն  եւ   Սուրիոյ  մէջ  այս պահուն  սանձազերծուած քրտական արիւնին  հեղումը առաջին հերթին միտուած է քրտական խաղաքարտը անկախամէտ եւ անկանխատեսելի քիւրտերու  ձեռքէն  վերցնելու նպատակին» :

Պատասխանելով «Արեւելք»ի  այն հարցումին, որ  ինչ   ընդհանուր դիրքորոշում ունի Հայաստանն ու հայութիւնը կապուած քրտական գործօնի վերջին  զարգացումներուն,  Արծրունի նշեց. «Քրտական  հարցի  վերջին զարգացումներուն առընթեր համահայկական կողմնորոշում  գոյութիւն  չունի  պարզ անոր համար, որ չկայ ազգային  ճակատ»,  յաւելելով նաեւ «Գոյութիւն ունի  պաշտօնական Երեւանի տեսակետը եւ վերջ: Պաշտոնական Երեւանը ունի երկու հիմնախնդիր՝ Արցախի ինքնորոշումն ու Հայաստանի Հանրապետութեան կայունութիւնը: Այս երկու խնդիրներուն  առաջնահերթութեան  կարգով  քրտական հարցը Երեւանի համար անհետաքրքիր  է»:  Արծրունի  նաեւ  կարեւորելով   Մոսկուայի կեցուածքը  յարեց, որ   «Ռուսաստան       քրտական հարցին   վերաբերեալ  հեռնակարային կեցուածք   չունի, բան մը որ  նոյնպէս կ'ազդէ, որ պաշտօնական Երեւան  զգուշօրէն վարուի   վերջին զարգացումներուն  հետ»:   Անդրադառնալով կարգ մը վերուծաբաններու կողմէ Թուրքիոյ կազմաքանդումին վերաբերեալ  յաճախակիօրէն    հնչած մտքերուն Արծրունի նշեց, թէ  «Կարգ մը վերլուծաբաններու  յոյսը Ռուս-թրքական լայնածաւալ ընդհարման հնարաւոր հետեւանքներով  Թուրքիոյ կազմաքանդումն է:  Իսկ նման զարգացումներ, անհաւանական են, եւ ամէն  պարագայի անոնցմէ   հայութիւնը ոչինչ   կը  շահի, որովհետեւ չունի համապատասխան ներուժ, եւ նոյնպէս չունի  ազգային կամք: Իսկ,  եթէ   ըլլար  հայկական ազգային ճակատ, որն  ունենար երկարաժամկէտ համահայկական հայեցակարգ, ապա այլ  կ'ըլլար  հայկական քաղաքականութիւնը քրտական հարցի նկատմամբ եւ այս մէկը բոորովին  այլ թեմա է»:

 Արծրունիի ըսելով  «Քիւրտերը  Թուրքիոյ  տարածաշրջանին մէջ  եկուորներ են եւ անոնց   բուն հայրենիքը կը  գտնուի   Իրաքի  եւ մասամբ նաեւ Իրանի մէջ» նշելով նաեւ, որ իր համոզումով, «Մօտալուտ ապագային քրտական քաղաքականութեան կեդրոնը Տիարպէքիրէն  պիտի տեղափոուի   Իրպիլ»:

Խօսելով վերջերս  կարգ մը հայկական շրջանակներու  կողմէ   Հրանդ Տինքի     եւ Թահիր էլչիի սպաննութիւններուն միջեւ զուգահեռներ  ընդգծելու մասին Արծրունի ըսաւ «Այդ սպաննութիւնները անշուշտ տարբեր խնդիրներ են: Տինքի սպանութիւնը մէկ  մասնիկն էր Թուրքիոյ  մէջ  խորքային պետութեան կողմէ  լայնածաւալ գործողութիւններու,  որոնք միտուած էին ապակայունացնել Էրտողանի Իսլամիստական Թուրքիան ի շահ թուրք ազգայնական-զինուորական վերնախաւին: Իսկ  Թահիր Էլչչի  սպանողներու  միակ նպատակը քիւրտ-թրքական երկխօսութեան յոյսերուն  բնաջնջումն էր»: Մեր խօսակիցին  կարծիքով «Երկու սպաննութիւնները տարբեր շահերու  ծառայող տարբեր  ենթաթեքստի ոճրագործութիւններ են,  որոնց ընդհանուր յայտարարը կարելի է միայն համարել այն, որ երկու գործիչները զոհ գացին երկխոսութեան կողմակից ըլլալու  փաստին: Սակայն եթե Հրանդի սպաննութիւնը խորհրդանշական արժէք ունէր, ապա Թահիրը  սպաննողները  կը հասկնային, որ  անոր չէզոքացումը սկիզբ  պիտի դնէ երկարաժամկէտ եւ անվերահսկելի արիւնահեղութեան»: