Բազմիցս պարծենալէ ետք, որ ինք կրնայ բանակցիլ եւ 24 ժամուան ընթացքին հասնիլ Ռուսիոյ եւ Ուքրանիոյ միջեւ հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման, Washington Post կը բացայայտէ՝ «Տանըլտ Թրամփի Ուքրանիոյ մէջ պատերազմը դադրեցնելու գաղտնի ծրագիրը»: Ի՞նչ են այդ ծրագրի մանրամասնութիւնները։
Լուրը համադրեց՝ «Արեւելք»ը. Հիմնական աղբիւր «Ալ Մայատին»
Օրերս The Washington Post թերթը մանրամասնութիւններ գրած է Թրամփի ծրագրին մասին, որ անուանած է «Ուքրանիոյ պատերազմին վերջ տալու Տանըլտ Թրամփի գաղտնի ծրագիրը»։
ԱՄՆ նախկին նախագահն ու հանրապետականներու ենթադրեալ թեկնածուն, իշխանութեան վերադառնալու իր ձգտման պարունակին մէջ, բազմիցս պարծեցած էր Ռուսիոյ եւ Ուքրանիոյ միջեւ խաղաղ համաձայնագրի շուրջ բանակցութիւններ վարելու իր կարողութեամբ՝ եթէ ինք ընտրուի, սակայն ան միշտ հրաժարած է հրապարակայնօրէն յստակեցնելէ, թէ ինչպէս պիտի ընէ այդ «մեծ գործը»։
Անցեալ մարտին Թրամփ իր անձնական «Truth Social» ընկերային ցանցին վրայ գրառում ըրած էր, նշելով, որ «եթէ ինքը ներկայիս զբաղցնէր ԱՄՆ վարչակազմի ղեկավարի պաշտօնը, կրնար 24 ժամուան ընթացքին հասնիլ Ուքրանիոյ հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման»։
Թրամփի առաջարկն է դրդել Ուքրանիան Ռուսիոյ զիջելու Խրիմի թերակղզին եւ Տոնպասի Ռուսիոյ հետ սահմանային շրջանը, գրած է թերթը՝ վկայակոչելով մարդոց, որոնք այդ հարցը քննարկած են Թրամփի կամ անոր խորհրդականներուն հետ, եւ որոնք անանուն մնալու պայմանով զրուցած են թերթին հետ, քանի որ այդ խօսակցութիւնները եղած են գաղտնի։
The Washington Post գրած է, որ Թրամփ իր մասնաւոր հանդիպումներու ժամանակ իր համոզմունքը յայտնած է, որ ե՛ւ Ռուսիան, ե՛ւ Ուքրանիան «կ՚ուզեն փրկել իրենց դէմքը, եւ ելք մը կ՚ուզեն գտնել», եւ որ «Ուքրանիոյ որոշ շրջաններու մէջ մարդիկ պատրաստ պիտի ըլլան դառնալու Ռուսիոյ մաս»:
Ուքրանիոյ մէջ ռուսական յատուկ ռազմական գործողութեան վերաբերեալ այս մօտեցումը բոլորովին կը հակասէ ԱՄՆ ներկայիս նախագահ Ճօ Պայտընի քաղաքականութեան, որը կեդրոնացած էր Ուքրանիոյ ռազմական օգնութիւն տրամադրելու վրայ՝ Ռուսիոյ դիմակայելու հարցով։
Պարբերականը նշած է, որ Թրամփի՝ Ուքրանիոյ վերաբերեալ ծրագիրը շրջանառուած է Ուաշինկթընի մէջ, անցեալ տարուան նոյեմբերին՝ արտաքին քաղաքականութեան գործիչներու եւ Ուաշինկթըն այցելած Եւրոպական խորհուրդի Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի պատուիրակութեան անդամներուն հետ եղած հանդիպման ժամանակ։
Հանդիպման ներկաներէն շատերու կարծիքով, ծրագիրը կը միտի սահմանափակել ՆԱԹՕ-ի ընդլայնումը եւ համոզել Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինը պակսեցնել Չինաստանէն աճող կախուածութիւնը:
Թրամփ աչքի ինկած է ռուս-ուքրանական պատերազմի մասին իր համարձակ յայտարարութիւններով, որոնք համահունչ չեն պատերազմի վերաբերեալ ամերիկեան պաշտօնական դիրքորոշման. ատոնցմէ վերջինը Հունգարիոյ վարչապետ Վիքթոր Օրպանին կատարած անոր հաստատումն էր (հաւաստիացումն էր), որ ինքը «ոչ մէկ լումա կու տայ» ուքրանական պատերազմը ֆինանսաւորելու համար։
Ատոր նախորդած էր Ռուսիոյ եւ Ուքրանիոյ միջեւ պատերազմի սկիզբէն Թրամփի ըրած կոչը՝ անյապաղ բանակցութիւններ սկսելու պատերազմը խաղաղ ճանապարհով աւարտելու եւ «երրորդ համաշխարհային պատերազմի բռնկումէն խուսափելու համար, ոը ոչինչ կանգուն պիտի ձգէ մեր մոլորակէն»: