image

Իրանն ունի «պատասխան հարուած»ի ծրագիր

Իրանն ունի «պատասխան հարուած»ի ծրագիր

Իրանը հրէական պետութեան յարձակման պարագային հարիւրաւոր պալիսթեան հրթիռներու կիրառմամբ Իսրայէլին պատասխան հարուած հասցնելու ծրագիր մշակած է: Այս մասին յայտնած է ամերիկեան «New York Times» թերթը։

«Իրանցի զինուորականներն ու պետական պաշտօնեաներն արդէն հանդիպած են, որ քննարկեն, թէ ինչպէս պիտի պատասխանեն իսրայէլեան հաւանական հարուածին... Թեհրանը պատասխան ծրագիր մշակած է, որ կրնայ ըլլալ անյապաղ հակահարուածը՝ հարիւրաւոր պալիսթեան հրթիռներու կիրառմամբ», - գրած է պարբերականը՝ վկայակոչելով իրանցի բարձրաստիճան պաշտօնեան:

«CBS News» հեռուստաալիքը, յղում ընելով ամերիկեան աղբիւրներուն, աւելի վաղ յայտնած էր, որ Իսրայէլը լիովին պատրաստ է Իրանի մէջ ռազմական գործողութիւն սկսելուն, միեւնոյն ժամանակ Ուաշինկթընը կը կարծէ, որ Իրանը կրնայ պատասխան հարուած հասցնել հարեւան Իրաքի մէջ ամերիկեան որոշ կառոյցներու: