Այս առաւօտ Երեւանը ցնցած պայթումին հետեւանքով վիրաւորեալներուն թիւը հասած է 26-ի։
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ հայրենի լրասփիւռներէ։
Կը նշուի նաեւ, որ վիրաւորուածներուն մէջ կան երեխաներ եւ մեծ մասամբ անոնց կեանքին վտանգ չկայ։
Յիշեցնենք, որ «Սուրմալու» շուկայի պահեստանոցներու հատուածին մէջ այսօր որոտացած էր մեծ պայթում, որուն հետեւանքով ալ զոհուած էր 1 քաղաքացի։
Պայթումը եղած էր պայթուցիկ նիւթերու պահեստանոցին մէջ, որ ըստ քաղաքապետարանի աւագանիի մէկ անդամին յառաջիկայ օրերուն պէտք է փակուէր։
ԱԻՆ փրկարարներ կը շարունակեն գտնուիլ դէպքի վայրը նախնական օգնութիւն եւ կրակը ամբողջովին մարելու աշխատանքներ կատարելու նպատակով։