image
Հրատապ լուրեր:

Սուրիոյ մէջ. Ամերիկացիք վնասազերծած են «Տահէշ»ի առաջնորդը (Լուսանկարներ)

Սուրիոյ մէջ. Ամերիկացիք վնասազերծած են «Տահէշ»ի առաջնորդը (Լուսանկարներ)

Փենթակոնի կեդրոնական հրամանատարութեան խօսնակ, գնդապետ Տէյվ Իսթպըրն հաստատած է, որ «Մահեր ալ-Աքքալը սպանուած է սուրիական Ճընտերեսի մօտ, շարժակաւոր հեծելանիւ (մոթորսիքլէթ) վարելու ժամանակ, եւ անոր գլխաւոր օգնականներէն մէկը ծանրօրէն վիրաւորուած»:

Յայտարարութեան մէջ կ'ըսուի, որ «Ալ-Աքքալ խմբաւորման ականաւոր առաջնորդներէն ըլլալէն բացի, ան նաեւ պատասխանատու էր՝ Իրաքի եւ Սուրիոյ սահմաններէն դուրս «Տահէշ»-ի ցանցերու զարգացման»:

ԱՄՆ պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտարարած է, որ երեքշաբթի՝ 12 յուլիսին, Հիւսիսային Սուրիոյ մէջ գտնուող Աֆրին քաղաքին մերձ  ԱՄՆ-ի յարձակման ժամանակ, սպաննուած է «Իսլամական պետութիւն» խմբաւորման առաջնորդը:  Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ «Ալ  Մայատին» կայանէն: 

ԱՄՆ կեդրոնական հրամանատարութիւնը իր հերթին յայտարարած է, որ «Ամերիկեան ուժերը անօդաչու թռչող սարքի միջոցաւ հարուածած են Ճընտերէս շրջանէն դուրս  դիրքաւորուած  «Տահէշ»-ի երկու բարձրաստիճան պաշտօնեաներ»:

Աղբիւրը նաեւ հաստատած է սպանութիւնը Մահեր ալ-Աքքալի, որ «Տահէշ»ի հինգ բարձրաստիճան ղեկավարներէն մէկն էր եւ «Տահէշ»ի առաջնորդը՝ Սուրիոյ մէջ, եւ նշած, որ «յարձակման ժամանակ Ալ-Աքքալի հետ սերտ կապ ունեցող «Տահէշ»-ի բարձրաստիճան պաշտօնեայ մը եւս լրջօրէն վիրաւորուած է»:

Յայտարարութեան մէջ նաեւ նշուած է, որ «այս գործողութեան  յաջող իրականացման համար, իրականացուած է լայնածաւալ ծրագրում»: