Մոսկուան հաւաստիացուցած է «Սուրիական դեմոկրատական խորհուրդին» (ՍԴԽ), որ պիտի չաջակցի Սուրիոյ մէջ հերթական ռազմական գործողութեան Անգարայի ծրագիրներուն, տեղեկացուցած է ՍԴԽ-ի ներկայացուցիչ Պասսամ Սաքըրը ։
«Ռուսիան մեզի հաւաստիացուցած է, որ կանաչ լոյս պիտի չվառէ Թուրքիոյ համար (Սուրիոյ հիւսիսարեւելեան շրջաններուն մէջ զաւթման նպատակով)», ըսած է ան։ Անոր խօսքով՝ թրքական ուժերը յարձակում չեն սկսած, բայց «ուժեղացուցած են որոշակի շրջաններու պարեկումը»։
Աւելի վաղ Թուրքիոյ նախագահի պաշտօնական ներկայացուցիչ Իպրահիմ Քալըն յայտարարած էր, որ Անգարան պատրաստ է նոր ռազմական գործողութիւն սկսելու Սուրիոյ հիւսիսը քրեւէ պահի։