image

Սուրիահայերը պիտի մասնակցին ՄԱԿ-ի «Ճգնաժամի հինգ տարին. նոր կեանքի մաքառման հինգ տարին» ձեռնարկին

Սուրիահայերը պիտի մասնակցին ՄԱԿ-ի «Ճգնաժամի հինգ տարին. նոր կեանքի մաքառման հինգ տարին» ձեռնարկին

18 Յունիսին, ժամը` 11:00-18:00, «Մարիոթ» հիւրանոցի «Արարատ» սրահին մէջ տեղի պիտի ունենայ Փախստականներու համաշխարհային օրուան նուիրուած «Ճգնաժամի հինգ տարին. նոր կեանքի մաքառման հինգ տարին» խորագիրով ձեռնարկը, որ կը կազմակերպէ ՄԱԿ ՓԳՀ-ն՝ «Օքսֆամ» կազմակերպութեան հետ համատեղ:

Ձեռնարկին բացման արարողութեան, որ տեղի պիտի ունենայ ժամը 12:30-ին, ողջոյնի խօսքով հանդէս պիտի գան ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան, ՄԱԿ ՓԳՀ գրասենեակի հայաստանեան մասնաճիւղի ներկայացուցիչ Քրիստոֆ Պիրուիրթը եւ Օքսֆամ մասնաճիւղի տնօրէն Մարգարիտա Յակոբեան:

Ձեռնարկին ծիրէն ներս տեղի պիտի ունենայ տեղահանուած սուրիացի գործարարներու ձեռագործ աշխատանքներու ցուցահանդէս-վաճառք եւ փախստականներու թեմատիկ լուսանկարներու-ցուցահանդէս, յիշատակի մոմավառութեան արարողութիւն: Պիտի հնչեն սուրիացի տաղանդաւոր երաժիշտներու եւ երգչուհի Զարուհի Բաբայեանի եւ իր Երգի արուեստանոցի սաներու կատարումները: Ձեռնարկի աւարտին պիտի իրականացուի փախստականներու պատմութիւնները ամփոփող ՄԱԿ ՓԳՀ «Խաչմերուկներ» գիրքին շնորհանդէսը: Պիտի ցուցադրուի սուրիացի ոճաբան Գէորգ Շատոյեանի փոքրերու հագուստի հաւաքածուն: