Պատմական ձեռնարկներ պիտի ըլլան, անշուշտ, եւ չորս կողմը նկատելի է այդ սպասումը, տարիներուն կարօտը կայ:
Հայ հաւատացելաներու համար ուխտագնացութեան պէս պիտի ըլլայ, Մայր Տաճարը մեր հոգեւոր կեանքին մէջ անփոխարինելի տեղ ունի:
Հայաստանի Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզի նախարարութեան, «Մեսրոպ Մաշտոց»ի մատենադարանի եւ Հայաստանի Բարձրագոյն կրթութեան կոմիտէի կազմակերպած Հայագիտական միջազգային քոնկրէսը պսակուեցաւ փայլուն յաջողութեամբ։ Այս նախաձեռնութիւնը համախմբած էր հեղինակաւոր հայագէտներ ու միջնադարագէտներ, հոգեւոր-ձեռագրական կեդրոններու ներկայացուցիչներ՝ տասնվեց երկիրներէ: Անոնք Հայաստան ժամանած էին Վենետիկէն, Վիեննայէն, Պոլիսէն, Անթիլիասէն, Զմմառէն, Երուսաղէմէն, մասնակիցներու շարքին էին նաեւ աշխարհի յառաջատար համալսարաններու կամ գիտական կեդրոններու, հայագիտական ամպիոններու ղեկավարներ եւ ներկայացուցիչներ. օրինակ՝ Օքսֆորտ, Հարվըրտ, Պոլոնիա, Ժընեւ, Սորպոն, Համպուրկ։
Մասնակիցները ներկայացուցին իրենց երկիրներէն ներս հայագիտութեան անցեալն ու ներկան, ձեռքբերումներն ու մատնանշեցին զանոնք ժամանակակից մօտեցումներուն համապատասխան տեղ հասցնելու անհրաժեշտութիւնը:
Առաջին անգամ կազմակերպուած էր այսպիսի քոնկրէս մը, որով միջազգային օրակարգ մը ձեւաւորուեցաւ։ Սա հետամուտ է դառնալու հարթակ մը՝ աշխարհի զանազան երկիրներու հայագիտական կեդրոններու հետ համատեղ միջնադարագիտական հետազօտութիւններու կազմակերպման եւ գիտական նոր սերունդի մը պատրաստութեան համար:
Այս գիտաժողովին Պոլիսէն մասնակցեցաւ Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան, որ Հայաստանէն հրաժեշտ առնելէ անմիջապէս առաջ մեզի հետ զրուցեց Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի վանատան մէջ՝ բաժնելով իր տպաւորութիւնները։
*
-Արժանապատիւ Տէր Հա՛յր, առաջին անգամ ըլլալով կազմակերպուեցաւ Հայագիտական միջազգային քոնկրէս մը. ինչպէ՞ս կը գնահատէք զայն։
Մատենադարանի տնօրէնութիւնը լաւ կերպով կազմակերպած էր այս քոնկրէսը: Հրաւէր ստանալով՝ պատրիարքի օրհնութեամբ մենք ալ եկանք, մասնակցութիւն ունեցանք, լաւ առիթ եղաւ տեղեկանալու, թէ հայագիտութեան զարգացման, պահպանման, տարածման ուղղութեամբ աշխարհի ո՛ր ծագերուն մէջ ինչե՛ր կը կատարուին: Եւ տեսանք, որ Արեւելքէն մինչեւ Արեւմուտք, Հիւսիսէն մինչեւ Հարաւ, Ամերիկայէն մինչեւ Ճաբոն, մինչեւ Եգիպտոս հայագիտութիւնը իր ալիքները տարածած է, նաեւ հայերէն զատ օտարներ կը զբաղին հայագիտութեամբ:
Հայագիտութեան մասին ես առաջին անգամ իմ ուսանողութեան շրջանիս իմացած եմ: Այդ շրջանին հայագիտութիւնը մենք կը սահմանէինք հայերէն գիտնալը, հայերէնին հետ զբաղիլը, հայերէնի մասնագէտ մեծանուն գիտնականներու անունները, կատարած գործը կ՚ուսումնասիրէինք եւ այլն: Մինչ այդ տեսանք, թէ հայագիտութիւնը բազմաճիւղ դառնալով՝ ինչպիսի ահռելի զարգացում ունեցած է: Ես զայն կը նմանցնեմ բժշկական կրթօճախի մը, ուրկէ շրջանաւարտ եղողները զանազան մասնագիտութիւններու կը հետեւին, սրտաբանը թոքաբանութեամբ չի զբաղիր, թոքաբանը միւսի ասպարէզով չի զբաղիր, ամէն մէկը իր նեղ մասնագիտացումը ունի, ուրեմն մեր հայագիտութիւնը այսպիսի բանի մը վերածուած է արդէն, եւ միայն լեզուի հետ կապուած չէ, այլ բաժանումները շատ են եւ հետզհետէ ալ կը շատնան: Հայագիտութիւնը գիտութեան զատ ճիւղ մը ըլլալով՝ կապուած է մշակոյթի, մշակոյթի պատմութեան, գրականութեան եւ շատ-շատ ուղղութիւններու հետ, որոնք ամէն մէկը իր զատ մասնագէտները ունի:
Եւ քանի որ առաջին անգամն էր նման համախմբում մը՝ բանախօսները զանազան տեղեկութիւններ փոխանցեցին հայագիտութեան ասպարէզին մէջ տարուած աշխատանքներու մասին, ինչպէս նաեւ խօսեցան այն մարտահրաւէրներուն մասին, որոնց առջեւ այսօր կեցած է հայագիտութիւնը: Խնդիրներ կան, դժուարութիւնները ամէն տեղ են, բայց ընդհանուր առմամբ լաւ վիճակի մը մէջ է հայագիտութիւնը:
Մատենադարանի տնօրէնութիւնը մասնակիցներուն նաեւ ձեռագրատան արդի վիճակը ներկայացուց, իսկ ինծի համար ուրախութիւն էր ձեռագրատան երդիքին տակ ըլլալն ու անոր ձեռքբերումները տեսնելը: Տեսանք, որ այդ տեղը իսկապէս օրհնեալ աշխատանք տարուած է: Անշուշտ, նոյն աշխատանքը նաեւ Մայր Աթոռը կը տանի, բայց Մատենադարանին մէջ տեսանք հինցած, մաշած ձեռագիրներու նորոգումը, տեսանք այն աշխատանոցները, ուր գլուխ գործոց աշխատանք կը տարուի, ինչ որ ինծի մեծ ուրախութիւն պատճառեց: Ձեռագիրներ, որոնք ո՜վ գիտէ ինչերու միջով անցած են՝ դարերու կամ տարիներու ընթացքին, բոլորը իրենց վերջնական կայքը գտած են Մատենադարանին մէջ, ուր աշխատանոցներուն մէջ երկրորդ կեանք ստացած են, նաեւ իբրեւ նորութիւն գիտցանք, որ Մատենադարանը ինք թուղթ կ՚արտադրէ արդէն եւ այդ արտադրած թուղթերը իրենք կը գործածեն վերականգման համար: Հայագիտութիւն ըսուած գիտաժողովը առիթ ընծայեց, որ բազմակողմանի կերպով ճանչցած ըլլանք նուիրականութեամբ պահպանուած մեր ամենամեծ ձեռագրատունը՝ Մատենադարանը:
Միւս կողմէ, ինծի համար ուրախութիւն էր, որ ես Մայր Աթոռ կը գտնուէի, ուրախութիւն է Էջմիածնի տաճարի հովանին վայելելը, նաեւ այստեղ գտնուող հոգեւորական դասուն հետ արարողութեանց մասնակցիլը, որ նաեւ մխիթարութիւն է ինծի համար:
-Գիտաժողովի ծիրէն ներս նուիրաբերուած ձեռագիրներու, արժէքաւոր վաւերագիրներու ցուցահանդէս մը տեղի ունեցաւ, նուիրատուներու շարքին էին նաեւ պոլսեցիներ։ Ինչպէ՞ս կը գնահատէք այս պարագան։
Բացարձակ վստահութեան դրսեւորում է՝ այդ նուիրատութիւնները Մատենադարանին տալը՝ մանաւանդ, որ կը տեսնենք, թէ ընտանեկան մասունքներ նուիրաբերուած են: Պոլիսէն հաւատացեալ մը հայկական ձայնագրութեան նուիրուած երկու տետրակ նուիրաբերած է, յետոյ Հինդլեան վարժարանին առընչուող նիւթեր, նկարներ նուիրաբերուած էին, ուսուցչական վկայականի օրինակ մը կար Պոլիսէն, այլ նուիրատութիւններ ալ կային:
Այս նուիրատուութիւնները մեծամասնութեամբ անհատներու կողմէ եղած էին, որովհետեւ յստակ է, թէ տուներու մէջ մինչեւ տեղ մը կը պահես, մինչեւ որոշ սերունդ մը կը պահես, անկէ վերջ Աստուած գիտէ՝ ո՞ւր կ՚երթայ, ի՞նչ կ՚ըլլայ:
Ընդհանուր առմամբ այդ ցուցանմոյշները՝ ըլլան ձեռագիրները, փաստաթուղթերը, բոլորն ալ գլուխ գործոցներ են, մեր ժողովուրդի հարստութիւնն են: Մատենադարանը, անշուշտ, զանոնք պահելու ամենաապահով տեղերէն մէկն է, Մայր Աթոռին ալ կրնան նուիրաբերել փափաքողները, հոն ալ ապահով է, կը պահուի, կ՚ուսումնասիրուի, ձեռագրաց ցուցակներ կը կազմուին եւ ուսումնասիրողները կրնան իրենց աշխատանքները տանիլ:
Քոնկրէսէն առաջ յայտարարութիւն մը եղաւ, որուն նաեւ Պոլսոյ Պատրիարքարանը միացաւ, այդ հանդիպումին արձանագրուեցաւ այն պատրաստակամութիւնը, ինչ որ մասնակիցները ցուցաբերեցին՝ իրենց ունեցածը ոչ թէ ուրիշին տալու (ոչ մէկ հաստատութիւն անշուշտ, իր ունեցած գանձերը ուրիշին կու տայ), այլ զանոնք բաց պահելու՝ ուսումնասիրելու համար, թուային օրինակները իրարու փոխանցելու եւ այլն: Եթէ հաստատութիւն մը միւսէն հարցում մը կը ստանայ ձեռագրի մը կամ նիւթի մը վերաբերեալ՝ թուայնացուած օրինակը կը փոխանցէ, կամ անոր հետաքրքրող էջը կը ղրկէ, հիմա դիւրին են այդ միջոցները՝ համացանցի միջոցով կը բազմացուին, արագ կը հասնին: Չկայ երկիր մը, ուր հայկական ձեռագիր մը չըլլայ։ Ես առաջարկեցի, որ մամուլի հաւաքածոներու օրինակով նաեւ ձեռագիրներու հաւաքածոն կազմուի՝ գիտնանք աշխարհի ո՛ր երկրի մէջ ի՛նչ ունինք, զանազան երկիրներու մէջ եղած նոյնանուն ձեռագիրները ի մի բերուին ցանկի մը մէջ, նաեւ կարեւոր է՝ մանաւանդ, որ կորսուած ձեռագիրներու ցուցակը կազմուի, համացանցի վրայ ըլլայ, ուսումնասիրողներու գործը շատ կը դիւրանայ այս կերպով: Այս առաջարկին առընթեր՝ ըսին, որ արդէն կ՚ընենք, մարդիկ արդէն մտածած են եւ այդ ուղղութեամբ կ՚աշխատին:
-Քոնկրէսի մասնակիցները այցելեցին նաեւ Վայոց ձորի եւ Սիւնիքի մարզերը, որոնք նոյնպէս միջնադարեան հայկական հոգեւոր կեդրոններէն եղած են: Ի՞նչ տպաւորութիւններով վերադարձաք:
Ինծի համար ուխտագնացութեան պէս էր այդ այցելութիւնը: Բնաւ չէի եղած, նկատի ունենալով նաեւ, որ ասիկա իմ Հայաստան երկրորդ այցս է: Տէրը կամենայ՝ միւս այցիս ալ Սանահին, Հաղբատ պիտի այցելեմ:
Իսկ Տաթեւի վանքին եւ իր նշանաւոր գործիչներուն՝ Գրիգոր Տաթեւացիին, Մովսէս Տաթեւացիին եւ միւսներուն մասին տարիներով լսած, կարդացած ենք, անոնց գրաւոր ժառանգութիւնը քարոզած ենք մեր արարողութիւններու ժամանակ, բայց Տաթեւը մօտէն տեսնելը այլ զգացողութիւն է:
Ես հասկցայ, որ մէկ օրը քիչ է Տաթեւի խորհուրդը զգալու, վանական համալիրի ամէն անկիւնը ուսումնասիրելու համար, քանի որ ամէն քարը իր պատմութիւնը ունի: Բայց այդ կարճ ժամանակն իսկ արդէն ուրախացուցիչ էր, հոն հոգեւոր արարողութիւն մըն ալ ըրինք:
Մինչ Տաթեւի վանք այցելելը՝ տարածքին մէջ Մատենադարանի գիտական անգլերէն հանդէսին առաջին թիւին շնորհանդէսը ըրին, ինչ որ նոյնպէս խորհրդանշական էր, մաղթեցին, որ երկրորդն ալ ըլլայ, երրորդն ալ, ըսին, թէ երրորդը ըլլալէն ետք արդէն դիւրին է:
Նոյնպէս Սիւնիքի մէջ Մատենադարանի գիտաշխատող Արսէն Յարութիւնեանի «Տաթեւ» անգլերէն գիրքին շնորհանդէսը, վերջն ալ՝ մեր այցը Գորիս, ուր Տաթեւացիին արձանը կայ իր անունը կրող հրապարակին վրայ, արդէն օրուան խորհուրդը ամփոփեցին:
Այս այցը անձնական բազում զգացողութիւններ տուաւ անձամբ ինծի՝ գիտաժողովը եւ կեցութիւնս Մայր Աթոռի մէջ, ուր Վեհափառին օրհնութիւնը առնելով թանկագին պահեր ապրեցայ:
-Հայագիտական միջազգային քոնկրէսը շարունակութիւն պիտի ունենա՞յ:
Յուսանք՝ կ՚ունենայ: Յաջորդ քայլը պիտի ըլլայ՝ քոնկրէսի ընթացքին ներկայացուցած զեկուցումներով ժողովածոյի մը մէջ հրատարակութիւնը, ապա բոլորը մաղթեցին, որ քոնկրէսը շարունակութիւն ունենայ:
Այսպիսի լայն մակարդակով գիտաժողով մը, բնականաբար, իր անդրադարձները կ՚ունենայ։ Անշուշտ, հայագիտութեամբ զբաղողները միայն քոնկրէսին ներկայ քառասուն հոգին չեն, ուրիշներ ալ կան, անոնք ալ իրենց ձեռքէն եկածը պիտի ընեն: Հայագիտութիւնը անվերջ ուսումնասիրելու ասպարէզ է եւ օրէ օր կը զարգանայ:
-Զեկուցողները, գիտական հարցերէ զատ, նաեւ հայագիտութեան առկայ դժուարութիւնները ներկայացուցին: Ի՞նչ կը դիտարտէք այս մասին:
Երկրէ երկիր կը տարբերին: Կարգ մը տեղեր աշակերտներու նուազութենէն գանգատեցան եւ այդ նուազութեան պատճառով համալսարաններու մէջ հայագիտական կեդրոնները փակուելու վտանգի առջեւ կը կենան, իսկ երկիրներ ալ կան՝ իրենց աշխատանքին վրայ կ՚անդրադառնան տնտեսական նեղ պայմանները… Բայց նկատելի է, որ շատ երիտասարդներ նետուած են այս մարզին մէջ, երիտասարդ գիտաշխատողներ կան. բան մը, որ ուրախալի է:
Այս գիտաժողովին ես ակամայ յիշեցի Մեսրոպ Պատրիարքը. իր երազն էր, որ Թուրքիոյ մէջ, համալսարանէ մը ներս ստեղծուի հայագիտական բաժին մը, զոր աւարտողները հայերէնի եւ կրօնքի ուսուցիչներ ըլլան, բայց այդ մէկը չիրականացաւ: Եթէ այսօր այդ մէկը ըլլայ, մարդիկ իրարու մէջ եղած բարւօք նիւթերու մասին ուսումնասիրութիւններ կ՚ընեն, մթնոլորտն ալ կը լաւանայ քիչ մը:
-Սուրբ Էջմիածինը կը պատրաստուի Մայր Տաճարի վերաօծման ու Միւռոնօրհնէքին: Ի՞նչ զգացիք այս առումով:
Այո՛, անշուշտ, իսկ Վեհափառ Հայրապետի գլխաւորութեամբ տարուած աշխատանքն ալ նկատելի, զգալի է: Այս ամբողջ շինարարական աշխատանքները ո՛չ միայն կազմակերպութիւններու, ճարտարապետներու յանձնուած են, այլեւ ունի վերահսկող մը՝ յանձին Նորին Սրբութեան, որ ամենապզտիկ մանրամասնութեամբ կը հետաքրքրուի, տեղին ցուցումներ կ՚ընէ:
Պատմական ձեռնարկներ պիտի ըլլան, անշուշտ, եւ չորս կողմը նկատելի է այդ սպասումը, տարիներուն կարօտը կայ:
Հայ հաւատացելաներու համար ուխտագնացութեան պէս պիտի ըլլայ, Մայր Տաճարը մեր հոգեւոր կեանքին մէջ անփոխարինելի տեղ ունի:
Անուշ Թրուանց
«Ժամանակ»/Պոլիս