Բերիոյ Թեմի Ազգային Առաջնորդարան այցելութիւն տուած է Համազգայինի Սուրիոյ նորընտիր վարչութիւնը։
Ասոր մասին «Արեւելք» վերահասու դարձաւ Թեմի դիմատետրեան էջէն։
Ստորեւ այդ մասին լրատւութիւնը՝
Ուրբաթ, 18 Յուլիս 2025-ի առաւօտուն, Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեան, Ազգ. Առաջնորդարանէն ներս ընդունեց Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան Սուրիոյ նորընտիր Շրջանային Վարչութիւնը։ Ջերմ մթնոլորտի մէջ ընթացող հանդիպումին Շրջ. Վարչութեան ատենապետ Ռաֆֆի Սիւլահեան անդրադարձաւ Միութեան կրթական եւ մշակութային առաքելութեան, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ շրջանի աշխոյժ մասնակցութեան՝ Կեդր. Վարչութեան կողմէ Հայաստանի մէջ կազմակերպուած Համազգայինի ուսանողական 30-րդ հաւաքին (ֆորում) եւ պարուսոյցի պատրաստութեան դասընթացքին։ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը դրուատիքով անդրադարձաւ Համազգայինի մշակութանուէր եւ ազգանուէր գործունէութեան, շնորհաւորեց նորընտիր Շրջ. Վարչութիւնը եւ իր հայրական օրհնութեամբ առաւել ուժ, կորով եւ կատարեալ յաջողութիւն մաղթեց անոնց