image

Սահակ Բ. Պատրիարքի շնորհաւորական այցը Հայ Կաթողիկէ Առաջնորդարան. Պատրիարքն ու պատուիրակութիւնը ընդունուեցան Պատրիարքական Կառավարիչ Գերապայծառ Տ. Վարդան Թ. Ծ. Վրդ. Գազանճեանի կողմէ

Սահակ Բ. Պատրիարքի շնորհաւորական այցը Հայ Կաթողիկէ Առաջնորդարան. Պատրիարքն ու պատուիրակութիւնը ընդունուեցան Պատրիարքական Կառավարիչ Գերապայծառ Տ. Վարդան Թ. Ծ. Վրդ. Գազանճեանի կողմէ

Շնորհաւորական երկրորդ այցելութիւնը տրուեցաւ Հայ Կաթողիկէ համայնքի Պատրիարքական Կառավարիչ  Գերապայծաո Տ. Վարդան Թ. Ծ. Վրդ. Գազանճեանին։ Ներկայ էին Գերյ. Տ. Աբրահամ Ծ. Վրդ. Ֆրաթեան, Տ. Յակոբ Սրկ. Մինասեան, Ժան Կսրկ. Աճէմօղլու եւ համայնքային վարիչներ:

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, Սուրբ Զատկի տօնին առթիւ, 9 Ապրիլ 2026, Հինգշաբթի, շնորհաւորական այցելութիւններ տուաւ քոյր եկեղեցիներու հոգեւոր առաջնորդներուն։ Նորին Ամենապատուութեան կ՚ուղեկցէին Գերշ. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեան, Միջեկեղեցական Յարաբերութեանց Տեսուչ՝ Հոգշ. Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան, Գաւազանակիր՝ Հոգշ. Տ. Գասպար Աբղ. Կարապետեան եւ Պատրիարքական Փոխանորդ՝ Արժ. Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեան։

Առաջին այցելութիւնը տրուեցաւ Ասորի Կաթոլիկ Պատրիարքական Փոխանորդ Մոնս. Օրհան Չանլը Քորեպիսկոպոսին, որ իր կողքին ունենալով հոգեւորականներ, վարչութեան եւ տիկնանց յանձնախումբի անդամները, բարի գալուստ մաղթեց Նորին Ամենապատուութեան եւ ուղեկիցներուն։ 

Շնորհաւորական երկրորդ այցելութիւնը տրուեցաւ Հայ Կաթողիկէ համայնքի Պատրիարքական Կառավարիչ Գերապայծառ Տ. Վարդան Թ. Ծ. Վրդ. Գազանճեանին։ Ներկայ էին Գերյ. Տ. Աբրահամ Ծ. Վրդ. Ֆրաթեան, Տ. Յակոբ Սրկ. Մինասեան, Ժան Կսրկ. Աճէմօղլու եւ համայնքային վարիչներ:

Նորին Ամենապատուութիւնը այցելութեանց ընթացքին յանուն Պատրիարքական Աթոռոյ եւ Թուրքիոյ Հայ համայնքին շնորհաւորեց քոյր եկեղեցիներու հոգեւոր առաջնորդները, շնորհակալութիւն յայտնեց ընծայուած ջերմ ընդունելութեան համար, նաեւ գոհունակութեամբ ընդգծեց թէ նման առիթներ կարեւոր են Քրիստոնէական սիրոյ, եղբայրութեան զգացման ջերմութիւնը միասնաբար բաժնելու առումով։

Յանուն Նորին Ամենապատուութեան, Գերշ. Տ. Արամ Արքեպս., ընկերակցութեամբ Հոգշ. Տ. Յարութիւն Վրդ.ի, այցելութիւն տուաւ Քաղդէացի Կաթոլիկ եկեղեցւոյ առաջնորդարան եւ Առաջնորդ Սրբազանի անհանգստութեան պատճառաւ ընդունուեցաւ նախկին առաջնորդ Մոնս. Րամզի Կարպօ Արքեպիսկոպոսի կողմէ: Ներկայ էին օգնական սարկաւագը եւ վարչութեան անդամները։ Նորին Սրբազնութիւնը յանուն Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր շնորհաւորեց Քաղդէացի Կաթոլիկ եկեղեցւոյ հոգեւոր առաջնորդի ու անդամներու Ս. Զատկի տօնը եւ շնորհակալութիւն յայտնեց ընծայուած ընդունելութեան համար։