image

Պէյրութի մէջ. Սուրբ Էջմիածնի Կրօնասէր Տիկնանց Համախմբման հիմնադրութեան 63-ամեակը նշուեցաւ

Պէյրութի մէջ. Սուրբ Էջմիածնի Կրօնասէր Տիկնանց Համախմբման  հիմնադրութեան 63-ամեակը նշուեցաւ

Սուրբ Էջմիածնի Կրօնասէր Տիկնանց Համախմբումը հանդիսաւորապէս նշեց հիմնադրութեան 63-ամեակը։ Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ համախբումի տարածած հաղորդագրութենէն, որ ամբողջութեամբ կը ներկայացնենք՝ ստորեւ:

Սուրբ Էջմիածնի Կրօնասէր Տիկնանց Համախմբումին հիմնադրութեան 63-ամեակի հանդիսութիւնը մեծ շուքով նշուեցաւ կիրակի, 20 Նոյեմբեր 2022-ին կէսօրին: ՀԲԸՄ- ի  Տեմիրճեանի մեծ  սրահը  լեցուն էր Համախմբումին առաքելութեան հաւատացող  հայորդիներով։ 

Իրենց ներկայութեամբ մեզ կը պատուէին՝ Ն․Ս․Օ․Տ․Տ․ Գարեգին Բ․ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի եւ Ն․Ս․Օ․Տ․Տ․ Արամ Ա․ Կաթողիկոս  Մեծի Տանն Կիլիկիոյ ներկայացուցիչներ, Գերաշնորհ  Տէր  Մուշեղ  եպիսկոպոս Բաբայեան՝ Լուսարարապետ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի, Գերաշնորհ  Տէր  Արմաշ եպիսկոպոս Նալպանտեան Առաջնորդ Դամասկոսի թեմի եւ Բարձրաշնորհ Տէր Կոմիտաս արքեպիսկոպոս Օհանեանը Լուսարարապետ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան։ Ներկայ էին նաեւ Հայաստանի  լիազօր դեսպան Պրն․ Վահագն Աթաբեկեան իր ազնիւ տիկնոջ  հետ, նաեւ Լիբանանի, ազգային  բարեսիրական  միութիւններու կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներ, պատկառելի հիւրեր եւ Համախմբումիս սիրելի անդամներ։

Լիբանանի,  Հայաստանի քայլերգներու յոտնկայս  ունկնդրութենէն  ետք, Համախմբումի  վարչութեան անունով տիկին  Յասմիկ Տեմիրճեան  բարի  գալուստ  մաղթեց ներկաներուն: 

Զոյգ շարականներու՝ “Էջմիածին Ի Հօրէ” և “Հայրապետական  Մաղթանք”-ի կատարումէն  ետք, Գերաշնորհ  Տէր Արմաշ  եպիսկոպոս Նալպանտեան   ընթերցեց Համախմբումին   նուիրուած  Ն․Ս․Օ․Տ․Տ  Գարեգին  Բ. Ծայրագոյն   Պատրիարք եւ Ամենայն  Հայոց  Կաթողիկոսի  Գիր Օրհնութիւնը, որմէ ետք  Բարձրաշնորհ Տէր Կոմիտաս արքեպիսկոպոս Օհանեանը ընթերցեց  Ն․Ս․Օ․Տ․Տ  Արամ Ա. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսի Գիր  Օրհնութիւնը:

Սուրբ  Էջմիածնի  Կրօնասէր  Տիկնանց  Համախմբումի վարչութեան ատենապետուհի  տիկին   Անահիտ  Տանձիկեան իր սրտի խօսքին մէջ նշեց Համախմբումի պատմականը, վաթսուն երեք տարիներու գործունէութիւնը, երախտագիտութիւն յայտնեց Համախմբումին յաջողութեան  սատարող  բոլոր անհատներուն, կազմակերպութիւններուն: Ան  յատուկ  շնորհակալութիւն յայտնեց  Ն․Ս․Օ․Տ․Տ․  Գարեգին  Բ. Ծայրագոյն  Պատրիարք եւ Ամենայն  Հայոց Կաթողիկոսին,   Համախմբումին աշխատանքները  քաջալերելու, միաժամանկ  լիբանանահայութեան  կատարած օժանդակութիւններուն  համար: Ինչպէս նաեւ խորին շնորհակալութիւն յայտնեց  Ն․Ս․Օ․Տ․Տ․ Արամ Ա. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսին, Համախմբումին հանդէպ իր յարատեւ քաջալերանքին համար։

Մայր Աթոռ  Սուրբ Էջմիածնի Լուսարարապետ Գերաշնորհ  Տէր Մուշեղ  եպիսկոպոս Բաբայեանը իր բանախօսութեան մէջ  գնահատեց Համախմբումին կատարած աշխատանքը  վաթսուներեք տարիներու ընթացքին։

Հանդիսականները հաճոյքով հետեւեցան  տեսաերիզի  վրայ  Ն․Ս․Օ․Տ․Տ․  Գարեգին  Բ. Ծայրագոյն  Պատրիարք եւ Ամենայն  Հայոց  Կաթողիկոսի գահակալութեան 23-րդ ամեակի նուիրուած ամփոփ ձեւով տրուած հաղորդումին:

Սեղանի  օրհնութենէն ետք տեղի ունեցաւ  ճաշ՝  հիւրասիրութիւն: 

Լիբանանի  Բարեսիրական  Միութիւններ՝ Rotary Club Beirut Cedars, Rene Mouawad Foundation, Inner Wheel եւ Bassma Foundation, որոնք համագործակցած են  մեր Համախմբումին հետ, յուշանուէրներ  ստացան ուղարկուած Մայր   Աթոռ  Սուրբ  Էջմիածնէն։  

Լուսարարապետ Գերաշնորհ  Տէր  Մուշեղ  եպիսկոպոս Բաբայեանի, Բարձրաշնորհ Տէր Կոմիտաս արքեպիսկոպոս Օհանեանի, Հայաստանի  լիազօր դեսպան՝ Պրն․ Վահագն Աթաբեկեանի, Համախմբումի ատենապետուհի տիկին Անահիտ Տանձիկեանի մասնակցութեամբ, և ընկերակցութեամբ տիկիններ Սիլվա Յակոբեանի և Յասմիկ Տեմիրճեանի, գոհունակութեամբ կատարուեցաւ յուշանուէրներու տուչութիւնը։ 

65 նուիրեալ անդամներ ստացան յուշանուէրներ ուղարկուած  Մայր Աթոռին Սուրբ  Էջմիածնէն։ 

Հանդիսութեան  փակման խօսքը արտասանեց Բարձրաշնորհ Տէր Կոմիտաս արքեպիսկոպոս Օհանեանը , որմէ ետք Գերաշնորհ  Տէր  Մուշեղ  եպս.  Բաբայեան  «Պահպանիչ»ով  փակեց  մեծապես գնահատելի այս եզակի հանդիսութիւնը: 

 

Անահիտ Տանձիկեանի

22-11-2022

ՊԷյրութ, Լիբանան