image

Արժէք, աւանդութիւն, ընտանիք․ հայ ինքնութեան վերանորոգման պատգամը՝ Պիքֆայայէն

Արժէք, աւանդութիւն, ընտանիք․ հայ ինքնութեան վերանորոգման պատգամը՝ Պիքֆայայէն

Սուրբ Աստուածածնի Վերափոխման տօնը հայ ժողովուրդին համար միայն եկեղեցական օրացոյցի մը տօնը չէ։ Անիկա դարերէ ի վեր շարունակուող հոգեւոր ու ազգային ուխտ մըն է՝ Աստուծոյ, եկեղեցւոյ, հայրենի հողին եւ մեր նախնեաց կողմէ մեզի աւանդուած արժէքներուն հանդէպ։ Ամէն տարի, Պիքֆայայի Սուրբ Աստուածածին Վանքը ուխտաւոր հայորդիներու համար կը վերածուի աղօթքի, հանդիպումի եւ ներքին վերանորոգութեան սրբավայրի։

Այս տարի եւս, հազարաւոր ուխտաւորներ բարձրացան Վանք՝ իրենց սրտերուն մէջ տանելով իրենց աղօթքները, մտահոգութիւնները եւ յոյսերը։ Սակայն ուխտի այս օրուան պատգամը դուրս եկաւ միայն տօնական արարողութեան սահմաններէն՝ դառնալով հայ ինքնութեան, հոգեւոր կեանքի եւ ազգային ապագայի մասին խոր խորհրդածութեան մը առիթ։

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին պատգամը, իր չորս հիմնական շեշտադրումներով՝ արժէք, հոգեւոր կեանք, աւանդութիւն եւ ընտանիք, ուղղուած էր մեր ժողովուրդին այսօրուան իրականութեան, բայց միաժամանակ՝ վաղուան ճամբուն։ Անիկա նախազգուշացում էր, բայց նաեւ յոյսի պատգամ. որովհետեւ երբ ժողովուրդ մը կը վերագտնէ իր արմատները, կը պահպանէ իր հոգեւոր ժառանգութիւնը եւ իր ընտանիքին մէջ կը փոխանցէ զայն սերունդէ սերունդ, ան կը շարունակէ ապրիլ ու ստեղծագործել պատմութեան մէջ։

Պիքֆայայի Սուրբ Աստուածածին Վանքը այդ պատգամին համար կարծես ամէնէն հարազատ վայրն էր։ Այստեղ, ուր աղօթքն ու աւանդութիւնը դարերու խորքէն կը հանդիպին այսօրուան հայուն, Վեհափառ Հայրապետը յիշեցուց, որ ազգային գոյատեւումը միայն անցեալը յիշելով չի պայմանաւորուիր, այլ՝ այդ անցեալէն մեզի հասած արժէքները այսօր ապրելով եւ վաղուան սերունդին փոխանցելով։

Ուստի, Սուրբ Աստուածածնի Վերափոխման այս ուխտը դարձաւ նաեւ ինքնաքննութեան պահ մը. ի՞նչ կը պահենք, ի՞նչ կը փոխանցենք եւ ի՞նչ կը ժառանգենք մեր զաւակներուն։ Այս հարցումներուն պատասխանն է, որ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը փորձեց ընդգծել իր պատգամին մէջ՝ հայ կեանքի չորս ամուր սիւներուն՝ արժէքներուն, հոգեւոր կեանքին, աւանդութիւններուն եւ ընտանիքին անդրադառնալով։

Եւ թերեւս պատահական չէ, որ այս պատգամը հնչեց Սուրբ Աստուածածնի տօնին։ Որովհետեւ Մարիամ Աստուածածնի կերպարին մէջ հայ ժողովուրդը դարեր շարունակ տեսած է մայրութեան, հաւատքի, նուիրումի եւ ընտանիքի սրբութիւնը։ Իսկ ընտանիքէն կը սկսի այն ամէնը, ինչ որ ժողովուրդ մը կը պահէ իր հոգիին մէջ եւ կը փոխանցէ ժամանակներու հոսանքին ընդմէջէն։

Այս գիտակցութեամբ էր, որ Պիքֆայայի Սուրբ Աստուածածին Վանքի ուխտի օրը դարձաւ ոչ միայն աղօթքի եւ օրհնութեան, այլեւ հայ ժողովուրդի ինքնութեան մասին լուրջ խորհրդածութեան օր մը։

«Արժէք, աւանդութիւն, ընտանիք»՝ առանցքը Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի պատգամին

Ուխտաւորներ մեծ ոգեւորութեամբ ու երկիւղածութեամբ կը սպասեն Սուրբ Աստուածածին Վանքի ուխտի օրուան՝ բարձրանալու համար Պիքֆայայի համանուն Վանք, շաբթուան ընթացքին մասնակցելու ուխտի շաբթուան հոգեւոր դասախօսութիւններուն ու արարողութիւններուն, ուրբաթ գիշեր՝ մատաղի աւանդական պատրաստութեան, իսկ շաբաթ գիշեր՝ ուխտի Սուրբ Պատարագին եւ մատաղօրհնէքի ու խաղողօրհնէքի արարողութեանց եւ վերջապէս՝ ունկնդնելու Վեհափառ Հայրապետին պատգամին։

Առ այդ, հազարաւոր ուխտաւոր հայորդիներ, Շաբաթ, 15 Օգոստոս 2026-ի երեկոյեան, հաւաքուած էին Սուրբ Աստուածածին Վանքի համալիրին մէջ՝ մասնակցելու ուխտի Սուրբ եւ Անմահ Պատարագին եւ խաղողի ու մատաղի օրհնութեան, որոնց հանդիսապետեց Սուրբ Աթոռոյս գահակալ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Սրբազնագոյն Հայրապետը։ Օրուան պատարագիչն էր Մայր Տաճարի լուսարարապետ Գերաշնորհ Տ. Սիփան Արք. Քէչէճեան։ Սուրբ Պատարագի գեղեցիկ երգեցողութիւնը կատարեց Կաթողիկոսարանի «Շնորհալի» երգչախումբը՝ Հոգեշնորհ Տ. Զաւէն Վրդ. Նաճարեանի խմբավարութեամբ։ Նշենք, որ Սուրբ Պատարագը ուղղակիօրէն սփռուեցաւ տեղական հեռատեսիլի կայաններէն, ինչպէս նաեւ Կաթողիկոսարանի Սիլիսիա Թի Վի-ի (Cilicia TV) Facebook-ի եւ Youtube-ի էջերէն։

Սուրբ Պատարագի աւարտին, Վեհափառ Կաթողիկոսը, բարձրաստիճան միաբան հայրերու ուղեկցութեամբ, բարձրացաւ խորան եւ կատարեց խաղողօրհնէք ու մատաղօրհնէք։ Ապա, ան յղեց իր հայրապետական պատգամը։ Նորին Սուրբ Օծութիւնը ըսաւ. «Մեր ժողովուրդի կեանքին լայն չափով ծանօթ ըլլալով, խոր մտահոգութեամբ կը հաստատենք, որ, որպէս ազգ, հայրենիք ու եկեղեցի, կ՚ապրինք դժուար պայմաններու մէջ. կը շարունակենք դիմագրաւել ներքին թէ՛ արտաքին մարտահրաւէրներ ու տագնապներ։ Այս կացութեան դիմաց, մեր ինքնութեան ողջ պահպանումը եւ մեր գերագոյն ու ընդհանրական իտէալներու ու արժէքներու շուրջ ազգին համախմբումը մեզի համար կը մնայ առաջնահերթ»։

Այս ահազանգին դիմաց Հայրապետը թելադրեց ունենալ մեր դիրքորոշումն ու մօտեցումը, մանաւանդ ներկայ յարափոփոխ աշխարհին մէջ. «Եկեղեցին չի կրնար անտարբեր ըլլալ մեր ժողովուրդը յուզող խնդիրներուն ու շրջապատող տագնապներուն նկատմամբ». ան դիտել տուաւ, որ Եկեղեցին ինքնակեդրոն ու ինքնանպատակ գոյութիւն մը չէ, այլ դէպի ժողովուրդ ուղղուած առաքելութիւն է, որ կ՚առաջնորդուի Քրիստոսի աշխարհ բերած ճշմարտութիւններով ու սկզբունքներով։ «Եկեղեցւոյ դերը հրահանգել չէ, այլ՝ ծառայել, վկայել, ուսուցանել, օժանդակել, յիշեցնել եւ, անհրաժեշտութեան պարագային, Քրիստոսի ներկայութեամբ հզօրացած՝ առաջնորդել», ընդգծեց Հայրապետը։

Մեկնելով այս մօտեցումէն՝ Նորին Սրբութիւնը հայ կեանքին մէջ գոյութիւն ունեցող չորս հիմնական ու այժմէական բնագաւառներու անդրադարձաւ։ Առաջին հերթին, ան խօսեցաւ արժէքներու վերակենսաւորման հրամայականին մասին՝ նշելով, որ արժէքները ժողովուրդի մը ինքնուրոյն գոյութեան հէնքն են, հետեւաբար, անոնց նահանջը նահանջն է նաեւ ազգին։ Այս առումով, Վեհափառ Հայրապետը ընդգծեց իրապաշտ ըլլալու անհրաժեշտութիւնը. «Համաշխարհայնացած ներկայ աշխարհին մէջ մեր արժէքները սկսած են հետզհետէ նահանջել, տեղ մը դառնալով լուսանցքային, այլ տեղ՝ ապազգային։ Այս վտանգալից երեւոյթը կրնայ մեր ինքնութեան արմատները փճացնել եւ մեր ինքնուրոյն գոյութեան հիմքերը տկարացնել։ Հայապահպանում կը նշանակէ ինքնութեան առողջ պահպանում։ Ինքնութեան առողջ պահպանում կ՚ենթադրէ արժէքներու անվթար պահպանում ու անոնցմով հայ կեանքի վերակենսաւորում։ Մեր կեանքի բոլոր պայմաններուն մէջ պէտք է ըլլանք հաւատարիմ մեր արժէքներուն նկատմամբ»։

Երկրորդ կէտով Արամ Ա. Կաթողիկոս խօսեցաւ հոգեւոր կեանքի վերաշեշտման հրամայականին մասին։ Ան անդրադարձաւ հայ ժողովուրդին ստեղծած ու պահպանած արժէքներուն իրարու հետ սերտօրէն շաղախուած ըլլալուն։ Ան յայտնեց, որ պատմութիւնը կը վկայէ, որ հայ կեանքին մէջ քրիստոնէութիւնը հայացաւ ու հայութիւնը քրիստոնէացաւ, այլ խօսքով՝ երկուքը մէ՛կ ամբողջութիւն կազմեցին։ Ան յորդորեց հոգեւոր արժէքները չդիտել եկեղեցական ու ծիսական նեղ պարունակին մէջ, այլ դիտել մեր ժողովուրդին համայնական կեանքի շրջագիծէն ներս։ «Մենք որքա՜ն կարիքը ունինք ներկայ աշխարհի ժխորին մէջ Աստուծոյ ներկայութիւնը ապրելու։ Հեռու Աստուծմէ՝ մեր կեանքը պիտի կորսնցնէ իր իմաստը, նպատակն ու ճամբան»։ Այս առումով Հայրապետը նշեց, որ շաբաթ մը առաջ շուրջ հարիւր երիտասարդներ Սուրբ Աստուածածին Վանքին մէջ մասնակցեցան Կաթողիկոսութեան Երիտասարդական Բաժանմունքին կազմակերպած հոգեւոր կեանքի վերանորոգման նուիրուած համագումարին եւ քաջալերեց, որ այս երեւոյթը ծաւալի մեր ազգի կեանքին մէջ։

Իր պատգամի երրորդ կէտին մէջ Վեհափառ Հայրապետը նշեց, որ հոգեւոր կեանքին հետ անմիջականօրէն աղերս ունին մեր ազգին ու եկեղեցւոյ աւանդութիւններուն առողջ պահպանումը։ Ան յիշեցուց, որ 2025 թուականը հռչակած էր «Աւանդութիւններու վերակենսաւորման տարի», որուն առիթով աւանդութիւններու կենսական կարեւորութեան նկատմամբ ներքին գիտակցութիւնը մեր ժողովուրդին աւելի ամրապնդուեցաւ։ Միաժամանակ ան զգուշացուց, որ աւանդութիւնը պէտք չէ շփոթենք սովորութիւններու հետ, որովհետեւ առաջինը, իր հարազատ ըմբռնումով, ժողովուրդի ներքին ապրումներուն ու ձգտումներուն արտայայտութիւնն է։ «Աւանդութիւնները կ՚երաշխաւորեն ժողովուրդի մը ամբողջականութիւնը եւ կը զօրացնեն անոր գոյութեան արմատները։ Ներկայ համաշխարհայնացած աշխարհին մէջ, ուր նաեւ մեր ազգի զաւակները աշխարհագրական իմաստով իրարմէ հեռու կ՚ապրին ու անմիջականօրէն ենթակայ են զիրենք շրջապատող այլ աւանդութիւններու եւ ինքնութիւններու, որպէս փոքր ազգ, մենք որքա՜ն հրամայական անհրաժեշտութւինը ունինք հաւատարիմ մնալու մեր աւանդութիւններուն»։

Վերջապէս, Հայրապետը իր պատգամին չորրորդ բնագաւառը յատկացուց հայ ընտանիքին, որ միջնաբերդն է մեր ազգի արժէքներուն ու աւանդութիւններուն առողջ պահպանման ու փոխանցման։ Սրբութիւնը անգամ մը եւս յատուկ կերպով խօսեցաւ ընտանիքի, յատկապէս մօր դերակատարութեան մասին։ «Փոխադարձ սէրը, վստահութիւնն ու հաւատարմութիւնը պէտք է դառնան տիրող ներկայութիւն հայ ընտանիքէն ներս։ Հայ ընտանիքը, ինչպէս Աստուածաշունչը կը վկայէ, Աստուծոյ կողմէ հաստատուած կառոյց է. հարկ է, որ մեր հոգեւոր հայրերը միշտ կոչ ուղղեն մեր ժողովուրդի զաւակներուն ա՛յս գիտակցութեամբ ու նախանձախնդրութեամբ ընտանիք կազմելու։ Չմոռնանք երբեք, որ ազգ մը կը կործանի եւ եկեղեցի մը իր առաքելութենէն կը շեղի, երբ անոնց կեանքին զօրեղ հիմքը կազմող ընտանիքը կը կորսնցնէ իր սրբութիւնը»։

Վեհափառ Հայրապետը իր պատգամը եզրափակեց՝ ըսելով. «Արժէք, աւանդութիւն, ընտանիք։ Ահաւասիկ մեր ազգի ինքնութեան ամուր պահպանման ու յաւերժութեան երթին հզօրացման զօրեղ կառոյցները։ Մնանք հաւատարիմ մեր պատմութեան կողմէ մեզի ժառանգուած մեր ինքնուրոյն գոյութեան այս հիմնասիւներուն»։

Սուրբ Աստուածածին Վանքի ուխտի օրը աւարտեցաւ համաբերան Տէրունական Աղօթքի եւ «Կիլիկիա» օրհներգի երգեցողութեամբ։ Ապա, Հաւատացեալները Սուրբ Հաղորդութիւն եւ օրհնուած խաղող ու մատաղ ստացան։