image

«Սուրբ Աստուածամայր» հիւանդանոցին մէջ երեխայ մահացած է. Shamshyan.com

«Սուրբ Աստուածամայր» հիւանդանոցին մէջ երեխայ մահացած է. Shamshyan.com

Այսօր՝ յունուար 15-ին, ողբերգական դէպք տեղի ունեցած է Երեւանի մէջ:Ինչպէս յայտնած է shamshyan.com-ը, «Սուրբ Աստուածամայր» բժշկական կեդրոնին մէջ մահացած է 2 ամսական աղջիկ երեխայ:

ֆոթոլրագրող Գագիկ Շամշեանի տեղեկութիւններվ՝ երեխան, որ Արարատի մարզի գիւղերէն մէկու բնակիչ Անգելինա Ե.-ն է, քանի մը օր առաջ տեղափոխուած է նշուած բժշկական կեդրոն: 

Այս պահուն հարազատները հաւաքուած են հիւանդանոցի բակին մէջ, անոնք երեխայի մահուան համար կը մեղադրեն բժիշկները: