image

Սրբուհին իր անուան խորհրդանիշը. Մաթիկ Էպլիղաթեան

Սրբուհին իր անուան խորհրդանիշը. Մաթիկ Էպլիղաթեան

Երէկ Պէյրութի մէջ ի Տէր հանգաւ Մօրաքոյրս, Սրբուհի Մեծերեցեան Մարթայեան, խորհրդանիշը իր անուան, Մեծ Հայրս` Հաճի Սարգիս Մեծերեցեանը վերապրող մըն էր Հաճնոյ աղետէն, իր առաջին աղջիկը անուանած էր, ի յիշատակ իր մեծ քրոջը՝ Սրբուհի Մեծերեցեան Շըխրտմեանին, որ զոհ գացած էր թուրքին եաթաղանին, սրբադասուած է արդէն նահատակ երեց Սրբուհին իր մէկ ու կէս միլիոն արիւնակիցներուն հետ: Նոյն իմաստով լուսահոգի կրտսեր մօրեղբայրս ալ Գրիգոր անունը կը կրէր ի յիշատակ իր մեծ հօրեղբօր՝ նահատակ Տէր Գրիգոր Քհն. Մեծերեցեանի: 

 
Մօրաքոյրս անուան Ժառանգին հետ հանդերձած էր այդ անունին բովանդակ իմաստը, որպէս նկարագրային գլխաւոր յատկանիշ: Բարեսիրութիւնը կեանքի նպատակ դարձուցած էր անձայն եւ անշշուկ, իր կարելիութիւններէն աւելիով հասնելով չքաւորին, իր տունը շրջանի համեստ ու խոնարհ դասակարգին ժամադրավայրն էր: Աւելի քան յիսուն տարիներ ԼՕԽ-ական էր,որպէս անդամ օժանդակութիւնը կը բերէր իր արտնին ձիրքերով, քաղցրեղեններ պատրաստելով՝ Հայկական Նազուկն ու Քաթան, Էշրէֆիէի մասնաճիւղի զանազան ձեռնարկներուն առիթով: Երկու վեհութիւններ գոյութիւն ունէին իրեն համար Հայ իրականութեան մէջ՝Հայ Առաքելական Եկեղեցին եւ Դաշնակցութիւնը: Վայ անոր որ այս երկու հաստատութիւններուն հանդէպ մեղանչէր, հոն միայն Սրբուհին դուրս կուգար իր էութենէն: Ազգային ու յեղափոխական երգերը կը մեկնաբանէր մեծ հաճոյքով, կը պատմէր թէ իր հօր դաստիարակութեան մաս կազմած էր այդ երգերուն ուսուցումը : 


Ծնած էր Ալեքսանտրէթ ուր յաճախած տեղւոյն «Նոր Դպրոց» վարժարանը՝ Մայրենի լեզուի ուսուցիչ ունենալով՝ Մանուկ Ասլանեան, անոր դաստիարակութեան շնորհիւ պաշտամունք ունէր ոսկեղնիկին հանդէպ, Ազդակ օրաթերթի ամենօրեայ ընթերցումը գերագոյն հաճոյքն էր, հպարտ կը զգար յատկապէս երբ անունիս հանդիպէր յօդուածի մը առիթով: Որպէս մոլի ընթերցող տարիներու ընթացքին կազմած էր կոկիկ գրադարան մը:

 
Սանճաքի պարպումով փոխադրուած էին Հալէպ ուր յաճախած էր Ֆրանսական Լիսէն, Հայերէն ընթերցումներուն զուգահեռ ան կը կարդար Ֆրանսատառ թերթեր՝ Paris Match-ի նիւթերը իր առօրեայ յարաբերութիւններուն խօսակցութեան առանցքն էին :


Մօրաքոյրս աշխարհ բերած էր երեք շնորհալի դստրեր, այդ պատճառով զիս իր մանչը կը նկատէր, իր մայրական գուրգուրանքը վայելած եմ մանկութեանս Հալէպ, աւելի ուշ Պէյրութ յաճախակի այցելութիւններուս նաեւ իր տան ջերմութիւնը, յատկապէս ուշ երեկոյին գլուխ գլխի մեր սրտակից զրոյցները այս պահուն յուզումով ու կարօտով կը յիշեմ:


Վաղը թաղումն է բարեսիրտ մօրաքրոջս, որուն հետ կը թաղուի նաեւ երկրէն բերուած Հաճնոյ գաւառաբարբարը խօսող սակաւաթիւ հայորդի մը: Իր շուրջ հաւաքուած հարազատներէն գլխաւոր բացական եմ ցաւ ի սիրտ, այս մահագրութիւնը փոխան ափ մը հողի կը ձօնեմ իր անմահ յիշտակին: Կեանքը եւ շրջապատը սիրող մօրաքոյրս, իր մայրական պարտականութիւնը կատարած կը մեկնի, երեք դստրերը արդէն վաղուց ընտանիք կազմած են, եօթը թոռներու եւ ցարդ ութը ծոռերու վայելքը շնորհելով իրեն: 


Վերջին անգամ երբ հեռաձայնով խօսեցայ, ըսաւ՝ «Ամէն օր կաղօթեմ քեզի համար», յետ այսու ես պիտի աղօթեմ իր յիշատակին, անոր անունը աւելցաւ անդարձ մեկնած հարազատներուս եւ ընկերներուս ցանկին, որոնք ծածուկ կը մտաբերեմ կիրակնօրեայ «Տէր ողորմիա»ի ընթացքին: Մահն ալ յաճախականութեան ենթակայ է, մէկ օր առաջ իր մօր Մարի Սինանեան Մեծերեցեանի մահուան Երեսնամեակն էր, Մօրաքոյրս անդենականի շիրիմին մէջ միացաւ ամուսնոյն՝ Մինասին, մօրը՝ Մարիին, եղբայրներուն՝ Յակոբին եւ Գօգոյին:

Յիշատակն արդարոց օրհնութեամբ եղիցի:

 

21, Սեպտեմբեր 2018