image

Սփիւռքի նախարարը այցելութիւններ տուած է՝ «Այցելութիւններ Հայաստանի մէջ կայացած սուրիահայերուն» ծրագրի ծիրէն ներս

Սփիւռքի նախարարը այցելութիւններ տուած է՝ «Այցելութիւններ Հայաստանի մէջ կայացած սուրիահայերուն» ծրագրի ծիրէն ներս

7 Նոյեմբերին ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան «Այցելութիւններ Հայաստանի մէջ կայացած սուրիահայերուն» ծրագիրի ծիրէն ներս այցելեց «Srourian eye centre» ակնաբուժական կեդրոն: Ակնաբուժական կեդրոնի հիմնադիրը` Սուրիայէն հայրենադարձ  Ժանին Սրուրեանը ներկայացուց նորագոյն սարքերը, թուային տեսախցիկը: Նախարարը կարեւոր համարեց սուրիահայ բժիշկի գործունէութիւնը եւ աւելցուց. «Ուրախ եմ, որ շուրջ հարիւր բժիշկ է ժամանել Սիրիայից, եւ բոլորը յաջողութեամբ աշխատում են: Չնայած մեզ մօտ ոլորտը բաւականին զարգացած է, բայց ինձ համար հաճելի էր տեսնել նոր սարքաւորումներ, նոր մօտեցումներ, համալիր բժշկական սպասարկում, որը շատ կարեւոր է: Սա եւս հիմք է տալիս մտածելու, որ սիրիահայերը կարող են հայրենիքում հաստատուել, հզօրանալ, լաւ գործ սկսել, եթէ ցանկանան»:

Նոյն ծրագիրի ծիրէն ներս նախարար Հ․Յակոբեան այցելեց սուրիահայ Սարգիս Եահյէեանի հիմնած «Զէյթունա» արաբական եւ հայկական ուտեստներու ընտանեկան խոհանոց-պանդոկ, հետաքրքրուեցաւ  ճաշացանկով, այցելուներով, շրջեցաւ գեղեցիկ կահաւորուած սրահներուն մէջ:

Նախարարը կարեւոր  համարեց, որ սուրիահայերը կարենան Հայաստանի մէջ յաջող գործարարութիւն իրականացնել, հաստատուիլ Հայրենիքի մէջ: