Սպանիոյ Քաթալոնիա մարզի Սապատէլ քաղաքը 23 յունուարին պաշտօնապէս ճանչցած եւ դատապարտած է Հայոց Ցեղասպանութիւնը: Այս մասին կը յայտնեն Սպանիոյ ՀՀ դեսպանութենէն:
Սապատէլի քաղաքապետարանին մէջ ներկայացուած բոլոր քաղաքական ուժերուն ղեկավարները ստորագրած են համատեղ յայտարարաթիւն, որուն համաձայն, տեղի ունեցածը կը բնորոշուի իբրեւ ցեղասպանութիւն եւ յանցագործութիւն մարդկութեան դէմ:
«Մարդկութեան դէմ գործած իւրաքանչիւր յանցանք պէտք է դատապարտուի, որպէսզի նման բաներ չկրկնուին աշխարհի այլ վայրերու, որեւէ ազգի, դասի կամ դաւանանքի ներկայացուցիչներու հետ: Սապատէլի քաղաքային իշխանութիւնները պաշտօնապէս կը ճանչնան Հայոց Ցեղասպանութիւնը»,- նշուած է յայտարարութեան մէջ:
Փաստաթուղթը հեղինակած է «Ciudadanos» կուսակցութիւնը` բաւարարելով Սապատէլի հայ համայնքի համապատասխան հայցը: Կուսակցութեան խօսնակ Ատրիան Էրնանտէսը նշած է, որ իրենք կ՝ողջունեն քաղաքային խորհուրդին կողմէ ներկայացուած գործընկեր կուսակցութիւններու աջակցութիւնը այս հարցով, քանի որ ատիկա Սապատէլին թոյլ կու տայ միանալու Հայոց Ցեղասպանութիւնը արդէն իսկ պաշտօնապէս ընդունած եւ դատապարտած սպանական այլ քաղաքներու ցանկին: