Ինչո՞ւ խաղի կանոնները գրեթէ միշտ միայն հայկական կողմը կը պահէ, իսկ ատրպէյճանականը՝ սովորաբար կը խախտէ, ի՞նչ կը շահի ատկէ Երեւանը։ Ազգային Ժողովէն ներս լրագրողներու հետ ճեպազրոյցի ժամանակ ԱԺ նախագահ Ալեն Սիմոնեանն արձագանգելով լրագրողի այս հարցին` նշած է, թէ այսպէս Հայաստանն անվտանգութիւն կը շահի, ԵՄ դիտորդները կու գան, սահմաններուն վրայ հսկողութիւն կ՚իրականացնեն, միջազգային զեկոյցներ կ՚ըլլան, ՀՀ-ին օգնութիւն կը տրամադրուի, համագործակցութիւն կը հաստատուի։
«Կարո՞ղ է` մեր դուդուկի ու սիրուն աչքերի համար է այդ ամէնը տեղի ունենում։ Յետոյ էլ բողոքում էք, ասում էք՝ մեր վրայ յարձակուեցին, աշխարհը ձեն չհանեց։ Բա սխալ ենք մեզ պահել պատմութեան ընթացքում ինչ-որ հարցերում, հիմա ճիշդ ենք մեզ պահում՝ եւրոպական ընտանիքի մարդու իրաւունքների, խօսքի ազատութեան արժէքների տրամաբանութեան մէջ ենք մեզ պահում։ Դրանից էլ էք բողոքո՞ւմ»,- հակադարձած է Սիմոնեանը լրագրողին։
ՀՀ ԱԺ նախագահը աւելցուցած է՝ այնպէս չէ, թէ բոլորի ընկալմամբ Հայաստանն իրեն «սրբօրէն կը պահէ», ըսած է՝ նոյն Ատրպէյճանը հակառակ կարծիք ունի, կը բողոքէ ու կը նեղսրտի հայկական կողմի պահուածքի, քաղաքական գործիչներու յայտարարութիւններու համար։
Յիշեցնենք` մարտ 13-ին յայտնի դարձաւ, որ Երեւանն ու Պաքուն աւարտած են խաղաղութեան համաձայնագրի շուրջ բանակցութիւնները՝ համաձայնեցնելով վերջին երկու կէտերը, որոնք կը վերաբերէին սահմանային հատուածներէն երրորդ ուժերու (տուեալ պարագային՝ Հայաստանի մէջ ԵՄ առաքելութեան. խմբ.) դուրսբերման եւ միջազգային դատական ատեաններ ներկայացուած հայցերէն հրաժարելուն։