image

«Սիրտս միշտ հոս է, Լիբանանի մէջ է եւ Լիբանանի հետ...»

«Սիրտս միշտ հոս է, Լիբանանի  մէջ է եւ Լիբանանի հետ...»

«Ծննդավայրը  ամէն բանէ վեր է». Այս  մօտեցումը  յաճախ հնչող մօտեցում է,  մանաւանդ  մեզմէ  շատերուն համար, որոնք ստիպուած   եղած են ծանր  պայմաններուն հետեւանքով  հեռանալ իրենց ծննդավայրէն։

Անշուշտ  այս   խօսքը աւելիով   աւիշ կը ստանայ,   երբ կը խօսինք   այսօր  ծանր  ու դժուար օրեր  ապրող Լիբանանին  մասին։ 

 Ստորեւ ներկայացուած գրութիւնը   ամէնէն աւելի  եւ  բառիս բուն  իմաստով  կը ներկայացնէ  այն  ընդհանուր հոգեվիճակը, որմէ կ՚անցինք   յաճախ ու մանաւանդ այն պարագային,  երբ  ստիպուած կ՚ըլլանք նոյնիսկ որոշ շրջանի մը հեռանալ մեր ծննդավայրէն։

Գրութիւնը կը պատկանի լիբանանահայ   Տիկն. Սիլվա   Մահրէճեան-Էսկիճեանին,   որ կը պատկանի  Պէյրութեան «ոսկեդար»ը ապրած   սերունդի մը, որ մինչեւ   հիմա  ալ կը հաւատայ Լիբանանի  գալիքին  ու անոր   մշատատեւ  պայծառութեան։

 

Կարդացէ՚ք 

 

Անվերնագիր Ցաւ

- Մապրո՜ւք Մապրո՜ւք. Կ՚երթա՛ս կ՚ազատի՛ս: Երա՜նի քեզի. գնա՛ հոգիդ փրկէ՛:

 Ձեռքդ անցեր է երթալը եւ նազ կ՚ընես..:

 Եղե՜ր, Լիբանանէն չի կրնար բաժնուիլ... իրաւ որ խնդալիք ես..:

Լիբանանը իմ ծննդավայրս է, ինքնութիւնս իրմով դրոշմուած է: Կը զգամ, թէ ես իրմէ անբաժան մասնիկ մըն եմ: Ուր ալ ըլլամ, կապս իրեն հետ անքակտելի է, իսկ սէրս առանց պայմանի: Եթէ այսօր Լիբանան վիրաւոր ու հիւանդ է, ինքզինքս աւելիով համակուած կը զգամ իր ցաւով ու կարեկիցի դերով: Շատ կը ցաւիմ, երբ Լիբանանին մասին նուաստացնող խօսքեր կ՚ըսեն. «Զզուելի երկիր է, ուր ալ երթաս հոսկէ աւելի լաւ է: Այս երկիրը անյոյս պարագայ է...»:

Այո՛, Լիբանան ներկայիս անցուկ պայմաններ կը դիմագրաւէ եւ տագնապալից օրեր կ՚ապրի, բայց չենք կրնար անտեսել դարաւոր մշակոյթ, պատմութիւն, մտաւորականութիւն եւ ուրոյն դիմագիծ ունեցող Լիբանանը: Այսօր, աշխարհով սփռուած իր զաւակները, իրենց ուսման բարձր մակարդակով, առնուազն քանի մը լեզուներու տիրապետող, ընկերային ու հաղորդակից խառնուածքով, յիշատակելի եւ ուշագրաւ յաջողութիւններ կ՚արձանագրեն:

Երկիր մը, որուն հրաշք բնութիւնը, բարեխառն կլիման, ջերմ ու հիւրընկալ բնակիչները եւ կենսուրախ երիտասարդութիւնը՝ անվիճելի իրականութիւններ են:

 Հեռացողները չեմ մեղադրեր, ոչ ալ կը քաջալերեմ: Տիրող իրավիճակը չեմ շաքարապատեր, ոչ ալ գունաւոր ծիածաններ կը գծեմ: Կը հաւատամ, որ ամէն մէկ անհատ դժուարութիւնները դիմագրաւելու եւ տոկալու իր յատուկ տարողութիւնը ունի, իսկ Ներկայիս Լիբանանին պարտադրուած դժուարութիւնները շալկելը՝ գերբնական համբերութիւն, տոկունութիւն եւ նիւթական հնարաւորութիւն կը պահանջեն: Չեմ ալ կրնար վստահեցնել, թէ Լիբանանէն մեկնողը, օտար հողի վրայ պիտի գտնէ՞ իր փնտռած «կատարեալ» երկիրը: Կրնա՛յ ապրուստ եւ երդիք գտնել, բայց երբե՛ք Լիբանանը փոխարինողը..:

Անձնական փորձառութիւնս կարելի չէ ընդհանրացնել, բայց կ՚ուզեմ կիսել: Բազմաթիւ երկիրներ այցելած եմ, սակայն տիրող շքեղութիւնը եւ հմայքը երբեք չեն լիացուցած հոգիս: Քանի մը օրուան կեցութենէ ետք, անհանգիստ կարօտով մը ուզած եմ Լիբանան՝ տունս, վերադառնալ:

 Եթէ կը մեկնիմ, պարզապէս աղջկաս եւ իր ընտանիքին միանալու նպատակով է, այլապէս սիրտս հո՛ս է,Լիբանանի մէ՛ջ է, Լիբանանի հե՛տ է: