image

Սի Ծինփին երրորդ անգամ ըլլալով նախագահ ընտրուած է

Սի Ծինփին երրորդ անգամ ըլլալով նախագահ ընտրուած է

14-րդ գումարման Ազգային Ժողովրդական Քոնկրէսի (խորհրդարան) առաջին նստաշրջանի պատուիրակները, 10 Մարտին, միաձայն քուէարկած են Սի Ծինփինը աննախադէպ երրորդ հնգամեայ ժամկէտով Չինաստանի նախագահի պաշտօնին վերընտրելու օգտին։ Այդ մասին կը տեղեկացնԷ ТАСС գործակալութիւնը:

Քուէարկութեան մասնակցած է 2 952 մարդ։ Սի Ծինփինի վերընտրութիւնը հնարաւոր դարձաւ 2018-ին Չինաստանի Սահմանադրութեան փոփոխութենէն ետք. այժմ միեւնոյն անձը կրնայ անսահմանափակ անգամ զբաղցնել պետութեան ղեկավարի պաշտօնը։

2022-ի հոկտեմբերին Չինաստանի Կոմունիստական կուսակցութեան 20-րդ համագումարէն ետք Սի Ծինփինը նաեւ երրորդ ժամկէտով վերընտրուած Էր Չինաստանի Կոմունիստական կուսակցութեան Կեդրոնական կոմիտէի գլխաւոր քարտուղարի պաշտօնին։