Յունիսի սկիզբէն մօտ 4,7 հազար ուքրանացի զինուորականներ մարտական պատրաստութեան դասընթաց անցած են Մեծ Բրիտանիոյ տարածքին մէջ: Տեղեկութիւնը յայտնած է բրիտանական Sky News հեռուստաալիքը։
Հեռուստաալիքը, յղում ընելով երկրի պաշտպանութեան նախարարութեան, յայտնած է, որ Բրիտանիան որոշում կայացուցած է ընդլայնել ուքրանացի զինուորականներու համար նախատեսուած մարտական դասընթացները երեքէն հինգ շաբաթ, որ «Ուքրանիոյ տասնեակ հազարաւոր քաղաքացիներ առաջնագծի համար զինուորներու վերածեն»:
Նշուած է, որ ուքրանացիներու ուսուցման կը մասնակցին հրահանգիչներ 9 երկիրներէ՝ Մեծ Բրիտանիայէն, Գանատայէն, Դանիայէն, Ֆինլանտայէն, Նորվեկիայէն, Լիթվայէն, Շուէտէն, Հոլանտայէն եւ Նոր Զելանտայէն: