image
Հրատապ լուրեր:

Շուրջ 4,7 հազար ուքրանացիներ մարտական պատրաստութիւն անցած են Բրիտանիոյ մէջ. Աղբիւրներ

Շուրջ 4,7 հազար ուքրանացիներ մարտական պատրաստութիւն անցած են Բրիտանիոյ մէջ. Աղբիւրներ

Յունիսի սկիզբէն մօտ 4,7 հազար ուքրանացի զինուորականներ մարտական պատրաստութեան դասընթաց անցած են Մեծ Բրիտանիոյ տարածքին մէջ: Տեղեկութիւնը յայտնած է բրիտանական Sky News հեռուստաալիքը։

Հեռուստաալիքը, յղում ընելով երկրի պաշտպանութեան նախարարութեան, յայտնած է, որ Բրիտանիան որոշում կայացուցած է ընդլայնել ուքրանացի զինուորականներու համար նախատեսուած մարտական դասընթացները երեքէն հինգ շաբաթ, որ «Ուքրանիոյ տասնեակ հազարաւոր քաղաքացիներ առաջնագծի համար զինուորներու վերածեն»:

Նշուած է, որ ուքրանացիներու ուսուցման կը մասնակցին հրահանգիչներ 9 երկիրներէ՝ Մեծ Բրիտանիայէն, Գանատայէն, Դանիայէն, Ֆինլանտայէն, Նորվեկիայէն, Լիթվայէն, Շուէտէն, Հոլանտայէն եւ Նոր Զելանտայէն: