Շուէտը հետագային եւս պիտի շարունակէ սերտ համագործակցութիւնը Թուրքիոյ հետ`ահաբեկչութեան դէմ պայքարի գործով։ Այս մասին հաղորդած է Anadolu գործակալութիւնը՝ վկայակոչելով Շուէտի արտաքին գործոց նախարար Թոպիաս Պիլսթրիոմը։
Շնորհակալութիւն յայտնելով Թուրքիոյ խորհրդարանին ՆԱԹՕ-ին Շուէտի անդամակցութեան մասին օրինագիծը վաւերացնելու համար՝ Պիլսթրիոմը նշած է, որ «իրենք պիտի շարունակեն Թուրքիոյ հետ սերտ համագործակցութիւնը ՆԱԹՕ-ի շրջածիրէն ներս»։
Շուէտի նախարարը նաեւ մեկնաբանած է Anadolu-ի այն հարցը, թէ ինչպէս պիտի անդրադառնայ ՆԱԹՕ-ին Շուէտի անդամակցութիւնը Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու վրայ։
«Բնականաբար, Թուրքիոյ Ազգային մեծ ժողովի հաւանութիւնն արժէքաւոր դարձուցած է աւելի վաղ մեր կնքած համաձայնագրերը։ Մենք համաձայնեցուցած ենք Եռակողմ յուշագիրը (Թուրքիա, Ֆինլանտա եւ Շուէտ) 2022 թուականի ՆԱԹՕ-ի Մատրիտեան գագաթնաժողովին, եւ համաձայնագիրը, որ աւելի ուշ կնքուած է Վիլնիւսի մէջ։ Այս համաձայնագրերը կը մնան ուժի մէջ։ Ահաբեկչութեան դէմ մեր պայքարը պիտի շարունակուի նաեւ հետագային`Թուրքիոյ հետ սերտ համագործակցութեամբ», - նշած է ան։