image

«Շիրազի ահաբեկչութիւնը անպատասխան պիտի չմնայ». Նախագահ Ռայիսի

«Շիրազի ահաբեկչութիւնը անպատասխան պիտի չմնայ». Նախագահ Ռայիսի

Շիրազի ահաբեկչութիւնը անպատասխան պիտի չմնայ, յայտարարած է Իրանի նախագահ Իպրահիմ Ռայիսին։

Ցաւակցութիւն յայտնելով զոհուածներու ընտանիքներուն՝ Ռայիսին նշած է, որ ահաբեկիչները հերթական անգամ կատարած են հրեշաւոր յանցագործութիւն, եւ Իսլամական յեղափոխութեան թշնամիներու կատարած յանցագործութիւններու ցանկին եւս մէկը աւելցած է։

«Փորձը ցոյց կու տայ, որ իսլամական Իրանի թշնամիները վրէժ կը լուծեն երկրի ժողովուրդէն եւ կը դիմեն ամէն տեսակ միջոցի՝ երկրի առաջընթացը խոչընդոտելու համար՝ օգտագործելով բռնութիւնն ու ահաբեկչութիւնը»,- աւելցուցած է Ռայիսին։ Ան ընդգծած է, որ այս վայրագութիւնը անպատասխան պիտի չմնայ, եւ ուժայիններն ու իրաւապահ մարմինները կոշտ պատասխան պիտի տան ահաբեկչութեան կազմակերպիչներուն։

Չորեքշաբթի երեկոյեան ահաբեկչութիւն տեղի ունեցած է հարաւարեւմտեան Շիրազ քաղաքի Ահմաս պըն Մուսա սրբավայրին մէջ, որու հետեւանքով զոհուած է 15, վիրաւորուած՝ աւելի քան 20 մարդ։