image

Շիրակի մարզ. Ողբերգական արկած, կայ զոհ եւ վիրաւորներ

Շիրակի մարզ. Ողբերգական արկած, կայ զոհ եւ վիրաւորներ

Խոշոր ու ողբերգական արկած տեղի ունեցած է Շիրակի մարզին մէջ։ 9 նոյեմբերի ժամը 20։50-ի սահմաններուն Արմաւիր-Գիւմրի ճանապարհի Գետք գիւղի վարչական տարածքին մէջ զարնուած են «ՎԱԶ 2107» մակնիշի ինքնաշարժը եւ «ԿամԱԶ» մակնիշի բեռնատարը։

Shamshyan.com-ի հաղորդմամբ՝ արկածի հետեւանքով 1 հոգի տեղւոյն վրայ մահացած է եւ ըստ դէպքի վայր հաւաքուած քաղաքացիներուն, 4 հոգի, որոնցմէ երկուքը անչափահասներ են, տեղափոխուած են «Գիւմրի» բժշկական կեդրոն, երեխաներն ալ՝ «Գիւմրիի մօր եւ մանկան աւստրիական» հիւանդանոց։ 

Վթարի փաստով Ախուրեանի քննչական բաժինէն ներս նախաձեռնուած է քրէական վարոյթ, ուր պարզուած են վարորդներուն, մահացողին եւ վիրաւորներուն ինքնութիւնը։